Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գագիկ Յարութիւնեան․ Եթէ Մարտ 1-ին Համարժէք Միջամտութիւններ Չըլլային, Աւելի Մեծ Ողբերգութիւններու Առջեւ Կանգնած Կ’ըլլայինք

Գագիկ Յարութիւնեան․ Եթէ Մարտ 1-ին Համարժէք Միջամտութիւններ Չըլլային, Աւելի Մեծ Ողբերգութիւններու Առջեւ Կանգնած Կ’ըլլայինք

by MassisPost

Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ, աւելի քան 22 տարի Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը ղեկավարած Գագիկ Յարութիւնեանի խօսքով, եթէ 2008-ի Մարտի 1-ին համարժէք միջամտութիւններ չըլլային, շատ աւելի մեծ ողբերգութիւններու առջեւ կանգնած պիտի ըլլայինք:

Իրաւաբանական գիտութիւններու դոկտորը նման յայտարարութիւն ըրած է` Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի մէջ՝ Գագիկ Յարութիւնեանի 70-ամեայ յոբելեանին նուիրուած միջոցառման ընթացքին:

«Ազատութեան» հարցին, թէ իշխանութիւններու քայլերը Մարտ 1-ին համարժէ՞ք էին, Գագիկ Յարութիւնեանը պատասխանած է.- «Ինչ որ եղաւ՝ դա ողբերգութիւն էր: Եւ ես համարում եմ, որ մեր բոլորի մեղքն է ինչ ֊որ տեղ, որ հասաւ այդպիսի հանգուցալուծման, որը չպէտք է լինէր, որը նորմալ իրականութեան մէջ համապատասխան բախումները պէտք է յաղթահարուէին»:

2008-ի Մարտի 1-ի վաղ առաւօտեան ոստիկանները յարձակեցան Երեւանի Ազատութեան հրապարակի վրայ գիշերող ընդդիմադիր ցուցարարներուն վրայ, որոնք իրենց բողոքը կը յայտնէին նախագահական ընտրութիւններու պաշտօնական արդիւնքներուն դէմ: Նոյն օրը՝ աւելի ուշ, Ալեքսանտր Միասնիկեանի արձանին յարող հրապարակի վրայ եւ անոր մերձակայքը ցուցարարներու եւ ուժայիններու միջեւ սկիզբ առած բախումներու հետեւանքով տասը հոգի զոհուեցան, հարիւրաւոր մարդիկ վիրաւորուեցան: Տասը տարի անց ալ զոհերու մահուան հանգամանքները պարզուած չեն:

Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանը օրերս գրաւոր դիմած էր գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւիթեանին՝ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին՝ «Մարտի 1-ի սպանութիւններու գործով հարցաքննութեան կանչելու համար»։ Մօտ մէկ շաբաթ անց՝ 13 Մարտին, դատախազութենէն «Ազատութեան» փոխանցած են, թէ Մարտ 1-ի գործով Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը հարցաքննելու հիմքեր չկան: Մինչդեռ, Եւրոպական դատարանի մէջ Մարտ 1-ի ինը զոհերու հարազատներու ներկայացուցիչ Վահէ Գրիգորեանի պնդմամբ, Ռոպերթ Քոչարեանը հաստատապէս ունի տուեալներ Մարտ 1-ի գործով եւ զինք պէտք է կանչել հարցաքննութեան, որովհետեւ ողբերգական այդ օրերուն եղած է երկրի նախագահ ու Զինուած ուժերու Գերագոյն գլխաւոր հրամանատարը, ի պաշտօնէ անոր հաշուետու եղած են: Պաշտպանութեան նախարարութեան բոլոր այն ստորաբաժանումները, որոնք ներգրաւուածութիւն ունեցած են Մարտ 1-2-ի, այսպէս կոչուած, ոստիկանական գործողութիւններու մէջ։ «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին Գրիգորեանը նաեւ կարծիք յայտնած էր՝ չհարցաքննելով երկրորդ նախագահը՝ այդ կերպ իրաւապահ մարմինները նպատակ ունին գործէն հեռու պահել Սերժ Սարգսեանը, որովհետեւ Հայաստանի ներկայիս նախագահը այդ ժամանակ վարչապետ էր ու մասնակից եղած է այդ գործընթացներուն։

Գագիկ Յարութիւնեանին հարցում ուղղուած է, թէ՝ որպէս իրաւաբանական գիտութիւններու դոկտոր, ի՞նչ կը կարծէ, արդեօք կարիք չկա՞յ Մարտ 1-ի գործով հարցաքննել Ռոպերթ Քոչարեանն ու Սերժ Սարգսեանը:

«Ես ընդհանրապէս չեմ ցանկանայ, մանաւանդ այսօրուայ պաշտօնի բերումով, քննութեան ընթացքում եղած գործի վերաբերեալ որեւէ կարծիք յայտնել, որովհետեւ Բարձրագոյն դատական խորհուրդի անդամներին եւ, առաւել եւս՝ նախագահին չի թոյլատրւում արդարադատական պրոցեսի (գործընթաց) վերաբերեալ կարծիք յայտնել, բայց ընդհանուր կարծիքը այն է, որ ցանկացած գործ, որը իրաւական գործընթացում է, պէտք է լինի թափանցիկ, պէտք է լիարժէք քննութեան առարկայ դառնայ»,- պատասխանած է Յարութիւնեան:

Այն հարցին, թէ իր կարծիքով, հետեւաբար, Մարտ 1-ի քննութիւնը թափանցիկ չէ՞ իրականցուած, Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահը պատասխանած է․- «Չեմ կարող ասել: Հարցը մի քիչ ճշգրիտ չեմ համարի, որովհետեւ ես անձամբ գործի նիւթերին ծանօթ չեմ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment