ՌԴ Դաշնային ժողովի Դաշնութեան խորհուրդի միջազգային գործերով կոմիտէի նախագահ Կոնսդանդին Կոսաչովը ընդգծած է, որ Ռուսաստանը չի շարունակեր նոյն չափերով սպառազինութիւն մատակարարել Ատրպէյճանին, որ կար մինչեւ 2016թ. ապրիլեան պատերազմը: Հայաստանի Ազգային ժողովին լրագրողներու հետ հանդիպման Կոսաչովը նշեց, որ Ռուսաստանը կ’իրականացնէ այն պայմանագիրները, որոնք Ատրպէյճանի հետ կնքուած են մինչեւ 2016թ. Ապրիլ:
«Մենք պարտաւոր ենք ընել ան այդ պայմանագիրներուն համապատասխան: Սակայն իմ ունեցած տեղեկատուութեամբ ան չ’ըլլար այն չափերով, որ կար 2016թ. Ապրիլի դրութեամբ: Անկասկած, մենք կ’արձագանգենք իրավիճակին, որ տեղի ունեցաւ 2016թ. Ապրիլին»,- «Արմենբրես»-ի հաղորդմամբ` ըսած է Կոնսդանդին Կոսաչովը:
Անդրադառնալով դիտարկմանը, թէ ՌԴ նախագահը Չինաստան կատարած այցելութեան ընթացքին, մեկնաբանելով ԱՄՆ-ի կողմէն Ուքրանիոյ զէնքի մատակարարումը, անընդունելի էր համարել հակամարտող երկրին զէնք վաճառելը, սակայն միեւնոյն ժամանակ Ռուսաստանը զէնք կը մատակարարէ Ատրպէյճանին, Կոսաչով ըսաւ. «Վլատիմիր Փութինը խօսած է այն երկրներու մասին, ուր հակամարտութիւնը թէժ փուլի մէջ է, ուր իսկապէս կը կրակեն, իսկ Ուքրանիոյ մէջ իսկապէս կը կրակեն: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, բարեբախտաբար, այս պահին այդպիսի իրավիճակ չկայ»: