Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Յոբելեանական Հանդիսութիւն Նուիրուած Արձակագիր Սարգիս Վահագնի Ծննդեան 90-Ամեակին

Յոբելեանական Հանդիսութիւն Նուիրուած Արձակագիր Սարգիս Վահագնի Ծննդեան 90-Ամեակին

by MassisPost

sarkis vahaknԱնցեալ Ուրբաթ« 9 Մարտ, 2018, Կլենտէյլի կեդրոնական գրադարանի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ ծանօթ արձակագիր Սարգիս Վահագնի ծննդեան 90-ամեակին նուիրուած յօբելեանական հանդիսութիւն մը:

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճելոսի մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած միջոցառումը անձամբ կը հովանաւորէր Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան: Սոյն ձենարկին ներկայ էին Գալիֆորնիոյ Հայ Գրողներու Միութեան անդամները, մշակութային տարբեր կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները եւ գրասէր հոծ հասարակութիւն մը:

Օրուան հանդիսավար Բարսեղ Գարթալեանի ողջոյնի ջերմ խօսքերէն ետք, ելոյթ ունեցաւ ԹՄՄ-ի ատենապետ Վաչէ Սէմէրճեան: Ան իւրայատուկ ոճով մը բնութագրեց յօբելեար Սարգիս Վահագնի անցնող աւելի քան 60 տարիներու բեղումնաւոր ու վաստակաշատ կեանքն ու ստեղծագործական ուղին: Ամփոփ կերպով ներկայացուց նաեւ Սարգիս Վահագնի գործերը, որոնցմէ շատեր արժանացած են յատուկ մրցանակներու:

Ծանօթ մտաւորականուհի Լիլիթ Քէհէեան սեղմ գիծերով անդրադարձաւ Սարգիս Վահագնի նոր լոյս տեսած «Հաճընը Սիրուն» վէպի մասին: Ան բարձր գնահատեց ազգային վէպի պատմական եւ գեղարուեստական արժանիքները, ոճային առանձնայատկութիւններու ու լեզուական նրբութիւնները, որոնք առկայ են վերոյիշեալ վէպին մէջ: Այլ խօսքով կոթողային գործ մը նուիրուած իսկապէս հերոսական Հաճընի:

Խօսք առնելով Թամարա Յովհաննիսեանը իր շնորհաւորութիւնները յայտնեց յօբելեար Սարգիս Վահագնին զինք դասելով հայ գրականութեան նուիրեալնրու շարքին:

Գալիֆորնիոյ Հայ Գրողներու Միութեան ատենապետ մաեսթրօ Հենրիկ Անասեան իր շնորհաւորութիւնները յայտնելէ ետք, Միութեան անունով «Պատուոյ Գիր» մը յանձնեց յօբելեարին:

Կարդացուեցաւ Սարգիս Վահագնի 90-ամեակին առթիւ շնորհաւորագրեր Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախագահ Եդուարդ Մելիտոնեանի, գրականագէտ Դաւիթ Գասպարեանի,  Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի եւ ուրիշներու կողմէ:

Օրուան գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Սարգիս Վահագնի թոռը Լուգա Փաթափութեան (կիթառ), Շուշան Յակոբեան (դաշնակ) եւ Ռուբէն Աղէեան (ջութակ):

Թեմիս բարեջան առաջնորդ Գերշ. Յովնան Արք. իր փակման խօսքին մէջ սրտագինս շնորհաւորեց Ս. Վահագնը եւ ի մէջ այլոց նշեց որ յօբելեարը իր աստուածատուր շնորհներն օգտագործած է զայն դնելով ի սպաս հայ գիրին եւ գրականութեան: Ապա իր քաջառողջութեան  եւ արգասաբեր կեանքի բարեմաղթութիւնները փոխանցեց վաստակաշատ գրողին:

Աւարտին իր շնորհակալութիւնները յայտնեց Սարգիս Վահագն եւ մէկ առ մէկ նշեց սոյն հանդիսութեան սատարողներն ու կազմակերպիչները, մասնաւորաբար Գերշ. Յովնան սրբազանին, որուն նախաձեռնութեամբ իրականութիւն դարձած էր գիրքին լոյս ընծայումը:

90-ամեակի տարեդարձի կարկանդակի հատումէն ետք Սարգիս Վահագնի մակագրութեամբ տասնեակ մը գրասէրներ ստացան «Հաճընը Սիրուն» գիրքէն օրինակներ որոնք սպառեցան արագօրէն…

Պատիւս արժանաւորաց:

Բարի երթ դէպի 100-ամեակ եւ աւելին:

Գ.Մ.

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment