Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Ազգային Ժողովի Պատուիրակութիւնը Հանդիպած է Պետքարտուղարի Փոխտեղակալին Հետ

ՀՀ Ազգային Ժողովի Պատուիրակութիւնը Հանդիպած է Պետքարտուղարի Փոխտեղակալին Հետ

by MassisPost

ՀՀ Ազգային Ժողովի Հայաստան-ԱՄՆ բարեկամական խումբի պատուիրակութիւնը Մարտի 8-ին հանդիպում ունեցած է Պետքարտուղարի՝ Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով առաջին փոխտեղակալ Էլիզապէթ Միլարտի հետ։

Շնորհակալութիւն յայտնելով հանդիպման համար՝ պատուիրակութեան ղեկավար Արփինէ Յովհաննիսեանը ընդգծած է Միացեալ Նահանգներու հետ գործընկերային, բարեկամական կապերու առաւել աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը։

Հանդիպման ընթացքին պատուիրակութեան անդամները անդրադարձած են Հայաստանի մէջ կաշառակերութեան դէմ պայքարի ոլորտի մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն, դատական իշխանութեան անկախութեան ապահովման ուղղուած քայլերուն եւ այլ հարցերու։

Անդրադարձած են նաեւ Արցախեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հեռանկարներուն, ընդգծուած է ԱՄՆ-ի՝ որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ պետութեան, կարեւոր դերակատարութիւնը տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման գործին մէջ։

Քննարկուած են նաեւ Հայաստանի արտաքին քաղաքական օրակարգն ու տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող այլ հարցեր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment