Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լիոնի Քաղաքապետ․ Ըլլալ Բարեկամ կը Նշանակէ Խնդիրներու Մասին Բաց Խօսիլ

Լիոնի Քաղաքապետ․ Ըլլալ Բարեկամ կը Նշանակէ Խնդիրներու Մասին Բաց Խօսիլ

by MassisPost

Ընդդիմադիր «Երկիր Ծիրանի» խմբակցութեան անդամներու դէմ Երեւանի աւագանիի մէջ կիրառուած բռնութեան պատճառով ֆրանսական Լիոն քաղաքը չի դադրեցներ գործընկերութիւնը Հայաստանի մայրաքաղաքի հետ:

Պաշտօնական այցով Հայաստան գտնուող Լիոնի քաղաքապետ Ճորճ Կեպենեկեանը «Ազատութեան» հարցին ի պատասխան ըսած է, որ իրենք եւս ստացած են բողոք-նամակ խումբ մը հայաստանցիներէն, որոնք կոչ կ’ընեն դադրեցնել «Երեւանի բռնարար քաղաքապետարանի հետ համագործակցութիւնը»․- «Եղբայրացած քաղաքներու որդեգրած քաղաքականութեան մէջ կարեւոր սկզբունք մը կայ՝ չխառնուիլ միւսի ներքին գործերուն: Որքան ինծի յայտնի է, քրէական գործ յարուցուած է այդ դէպքի առթիւ եւ հետաքննութիւն կ’ընթանայ: Բայց եթէ իսկապէս շատ հրէշաւոր ու արտասովոր բան մը տեղի ունեցած ըլլար, ապա Երեւանի քաղաքապետի հետ իմ հանդիպման ժամանակ չէր կրնար այդ հարցը անմասն թողել»:

Շուրջ մէկ ամիս առաջ Երեւանի աւագանիի նիստի ժամանակ ծեծկռտուք տեղի ունեցած էր «Երկիր Ծիրանի» եւ Հանրապետական խմբակցութիւններու անդամներու միջեւ: Պատճառը Նուպարաշէն վարչական շրջանէն բերուած կոյուղաջուրն էր, որ «Երկիր Ծիրանի»-ի անդամները փորձած էին մօտեցնել քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին։

Անկէ օրեր անց 5 տասնեակէն աւելի կազմակերպութիւններ ու քաղաքացիներ բաց նամակով դիմած էին Երեւանի քոյր քաղաքներուն՝ կոչ ընելով կասեցնել «Երեւանի բռնարար քաղաքապետարանի հետ համագործակցութիւնը» եւ ներկայացուցած էին Երեւանի աւագանիի նիստի ժամանակ տեղի ունեցած հրապարակային բռնութիւնը:

Ֆրանսայի մեծութեամբ երրորդ քաղաքի՝ Լիոնի քաղաքապետի պաշտօնին վերջերս ընտրուած հայազգի Ճորճ Կեպենեկեանը անպատասխան թողեց «Ազատութեան» հարցը, թէ արդեօք հնարաւոր է նմանատիպ միջադէպ իր գլխաւորած աւագանիի մէջ․- «Ամենավատը հանրայնացումն ու այդ դէպքի շուրջ գովազդային դրսեւորումներն էին: Այս կ’ըսեմ, քանի որ ըլլալ բարեկամ կը նշանակէ խնդիրներու մասին իրար դէմ դիմաց խօսիլ, ոչ թէ ինչ-որ շրջաբերական նամակ շրջանառութեան մէջ դնել»:

Պաշտօնական այցով Հայաստան գտնուող Լիոնի քաղաքապետը ստորագրեց Երեւանի հետ համագործակցութեան յուշագիր:

Ճորճ Կեպենեկեանը Տարօն Մարգարեանի կողմէն նաեւ պարգեւատրուեցաւ Երեւանի քաղաքապետի ոսկեայ մետալով: Լիոնի նորանշանակ քաղաքապետը հանդիպած է նաեւ Հայաստանի նախագահին, վարչապետին ու բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներու: Ֆրանսահայ քաղաքապետը ընդգծեց, որ վերջին շրջանին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները շատ գնահատելի են․- «Իմ այս այցելութեամբ ես տեսայ շատ գեղեցկացած ու թարմացած Երեւան քաղաք, միակ բանը, որ չսիրեցի՝ խցանումներն էին, սակայն խցանումներ կան նաեւ Լիոնի մէջ»:

Ֆրանսայի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին Լիոնի քաղաքապետը նաեւ ընդգծեց, որ Երեւանի մէջ կանաչ գօտիներու աւելացման նպատակով իրենց կողմէն տարիներ առաջ իրականացուած է Լիոնի այգիի կառուցումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment