Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ամերիկայի Դեսպան. «Իշխանութեան Այսպիսի Չարաշահումը Կը Մնայ Հայաստանի Ամենամեծ Մարտահրաւէրը»

Ամերիկայի Դեսպան. «Իշխանութեան Այսպիսի Չարաշահումը Կը Մնայ Հայաստանի Ամենամեծ Մարտահրաւէրը»

by MassisPost

Հայկական խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Արփինէ Յովհաննիսեանի կ’այցելէ Միացեալ Նահանգներ: Պատուիրակութեան կ’ընկերակցի Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռիչարտ Միլս:

Այս առթիւ «Ժամանակ» թերթին տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, դեսպանը անդրադարձած է Հայ-Ամերիկեան յարաբերութիւններուն եւ իր կառավարութեան առաջնահերթութիւններուն:

«Հիմնական առաջնահերթութիւններէն մէկը, որ ես հռչակեցի Հայաստան ժամանելէ  յետոյ, աջակցիլն էր Հայաստանի մէջ այն մարդոց, որոնք կը փորձեն պայքարիլ փտածութեան  դէմ: Դեսպանատունը տարբեր մեխանիզմներ ունի այդ աշխատանքներու իրականացման համար: Անոնցմէ են, այո, ֆինանսաւորել քաղաքացիական հասարակութեան այն խումբերը, որոնք  կ’աշխատին այս խնդիրի վրայ: Մենք նաեւ կը մարզենք, կը սորվեցնենք լրագրողներուն հետաքննել կաշառակերութեան գործարքները, կարդալ դրամատնային հաշիւները եւ հետեւիլ  դրամական հոսքերուն: Մեր գործունէութեան միւս ուղղութիւնը աշխատանքն էր կառավարութեան այն պաշտօնեաներուն հետ, որոնք լծուած էին կաշառակերութեան դէմ պայքարի գործին եւ կը ցանկային փոփոխութիւններ իրականացնել համակարգի մէջ», ըսած է դեսպանը:

«Կոռուպցիայի այն տեսակը, որն առաւել մտահոգիչ է, եւ որ ետ կը պահէ ամերիկեան ներդրողներուն, այն կոռուպցիան է, որու հետեւանքով կը փակուին  շուկաները, կը ձեւաւորուի  անարդար մրցակցութիւն: Կը Կարծեմ կոռուպցիայի այս դրսեւորումն ու իշխանութեան այս տեսակ  չարաշահումը կը շարունակէ   մնալ Հայաստանի ամենամեծ մարտահրաւէրը եւ ամենամեծ խոչընդոտըª բանալու երկիրը առեւտուրի եւ ներդրումներու համար»:

Տնտեսութեան մէջ հաւասար պայմաններ ապահովելու հարցի մասի խօսելով դեսպան Միլս ըսած է. «Կարեւոր է, որ կառավարութիւնը Հայաստանի մէջ խաղի հաւասար կանոններ ապահովէ բոլոր գործարարներու համար` ըլլան անոնք ամերիկացի,  եւրոպացի, ռուս, թէ չինացի: Ես անկեղծ ըլլամ` մինչ օրս, երբ ամերիկացի ներդրողը կամ գործարարը կու գայ դեսպանատուն, քննարկելու հնարաւոր ներդրումը կամ առեւտրային գործարքը Հայաստանի մէջ, առաջին հարցը, որ ան կու տայ, հետեւեալն է` կրնա՞մ վստահ ըլլալ, որ ինծի հանդէպ արդարացի եւ  հաւասար մօտեցում պիտի ունենան: Եւ կը կարծեմ, որ ասոր գաղտնիքը այն է, որ Հայաստանը պէտք է ունենայ ազատ, արդար եւ անկախ դատական համակարգ, անկախ դատաւորներ, որոնք կրնան արդար վճիռներ կայացնել»:

Ժողովրդավարութեան մասին խօսելով դեսպանը ըսած է. «21-րդ դարուն, ժողովրդավարութեան կարեւորագոյն  բաղադրիչն ու զսպման մեխանիզմը ազատ, աշխոյժ քաղաքացիական հասարակութիւնն է, ինչպէս նաեւ ազատ եւ անկախ մամուլը: Իսկապէս սա հայկական ժողովրդավարութեան ցաւոտ տեղերէն մէկն է` զսպումներու եւ հակակշիռներու սեփական համակարգը ձեւաւորելու եւ իշխանութեան թեւերը տարանջատելու առումով: Աշխատանքն այս ուղղութեամբ դեռեւս կը շարունակուի: Բայց յուսադրող է այն փաստը, որ Հայաստանը ունի շատ աշխոյժ  եւ կենսունակ քաղաքացիական հասարակութիւն եւ ազատ մամուլ»:

Դեսպանը խօսած է նաեւ  միջազգային իրադրութեանց եւ  տարածաշրջանի եւ Հայաստանի վրայ անոնց հնարաւոր ազդեցութեան, յատկապէս   Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւններու լոյսին տակ:

«Հակառակ ներկայի խնդիրներուն եւ դժուարութիւններուն` Միացեալ Նահանգներ-Ռուսաստան յարաբերութիւններու մէջ, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կը հասկնայ, որ Հայաստանը պէտք է լաւ յարաբերութիւններ ունենայ Ռուսաստանի հետ տնտեսական, դիւանագիտական, մշակութային եւ այլ ոլորտներու մէջ: Մենք  երկընտրանք չենք առաջադրեր Հայաստանին, չենք ըսեր, թէ պէտք է ընտրութիւն կատարել մեր եւ Ռուսաստանի միջեւ: Մենք կ’ըսենք, որ յարաբերութիւնները  Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի, Չինաստանի, Եւրամիութեան հետ չեն հակասեր իրար: Միացեալ Նահանգներու նպատակն այն է, որ Հայաստանը կարենայ ինքնիշխան որոշումներ կայացնել այն մասին, թէ ինչպէս պիտի զարգանայ հետագային քաղաքականապէս, ինչպէս պիտի զարգացնէ իր տնտեսութիւնը, որուն հետ պիտի ունենայ ռազմական յարաբերութիւններ: Մենք կ’ուզենք օգնել ձեզ ըլլալու այնքան անկախ, որպէսզի ինքնուրոյն կայացնէք ձեր որոշումները»,  հարցազրոյցի ընթացքին շեշտած է Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչարտ Միլս:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment