Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միացեալ Նահանգները Պիտի Շարունակէ Հայաստանը եւ Թուրքիան Խրախուսել Հաշտեցման

Միացեալ Նահանգները Պիտի Շարունակէ Հայաստանը եւ Թուրքիան Խրախուսել Հաշտեցման

by MassisPost

Կարգաւորման գործընթացը կարեւոր օգուտներ կը բերէ Թուրքիոյ, Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Կովկասեան ողջ տարածաշրջանի համար։ Այդ մասին NEWS.am-ի հարցմանն ի պատասխան յայտնած են ԱՄՆ-ի  դեսպանատունէն՝ մեկնաբանելով հայ-թրքական արձանագրութիւններու կնքման ընթացակարգի կասեցումը։

«Մենք տեղեակ ենք, որ նախագահ Սարգսեանը յայտարարեց 2009-ին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած հայ-թրքական արձանագրութիւնները պաշտօնապէս չեղարկելու մասին, սակայն ան միաժամանակ փաստեց, որ Հայաստանը պիտի շարունակէ հաւատարիմ մնալ ապագային առանց նախապայմաններու Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման իր յանձնառութեան: Մենք երկու կողմերն  ալ  կը խրախուսենք հաշտեցման ու յարաբերութեանց կարգաւորման համար դուռը բաց պահել: Կարգաւորման գործընթացը կարեւոր օգուտներ կը բերէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Կովկասեան ողջ տարածաշրջանի համար»,- նշած են դեսպանատունէն:

Յիշեցնենք, որ Մարտ 1-ին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով դադրեցուած է հայ-թրքական արձանագրութիւններու կնքման ընթացակարգը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment