Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նոպելեան Մրցանակակիրները Բաց Նամակ Յղած են Էրտողանին

Նոպելեան Մրցանակակիրները Բաց Նամակ Յղած են Էրտողանին

by MassisPost

Նոպելեան մրցանակի արժանացած 38 յայտնի անձինք բաց նամակ յղած են Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին՝ կոչ ընելով ազատ արձակել երկրի մէջ ձերբակալուած գրողները ու վերականգնել օրէնքի գերակայութիւնը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրես»ը, բրիտանական The Guardian-ին մէջ հրապարակուած բաց նամակին մէջ անոնք նշած են, որ «քանի դեռ Թուրքիան ազատ չէ արձակած կալանաւորուած գրողները եւ չէ վերադարձուցած օրէնքի գերակայութեան, այն չի կրնար ազատ աշխարհի մաս ըլլալ»:

«Յարգելի նախագահ Էրտողան, կը ցանկանք Ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել այն հանգամանքի վրայ, թէ ինչպէս լրագրողներու ու մտաւորականներու անօրինական ձերբակալութիւնները եւ անիրաւ դատապարտումը վնասած են Թուրքիոյ Հանրապետութեան, անոր հեղինակութեան եւ քաղաքացիներու արժանապատուութեանն ու բարեկեցութեան»,- այս տողերով Նոպելեան մրցանակակիրները սկսած են իրենց նամակը:

Յիշատակելով ԵԽ մարդու իրաւունքներու նախկին յանձնակատար Նիլս Մուժինեքսի՝ 2017 թուականին Թուրքիոյ մէջ խօսքի ազատութեան վերաբերեալ հրապարակումը, ուր ան ընդգծած էր Թուրքիոյ մէջ մարդու հիմնարար ազատութիւններու աղաղակող սահմանափակումներու մասին՝ անոնք նշած են, որ 2016 թուականի սեպտեմբերէն թուրք վիպաքիր եւ սիւնակագիր Ահմետ Ալթանի, անոր եղբօր՝ տնտեսագիտութեան փրոֆեսոր եւ ակնարկագիր Մեհմետ Ալթանի, ինչպէս նաեւ յայտնի լրագրող Նազլը Ըլըճաքի ձերբակալութիւնները ձախողած ռազմական յեղաշրջման յաջորդած ձերբակալութիւններու ալիքի շարունակութիւնն են:

Նամակի հեղինակներն ընդգծած են, որ վերոնշեալ անձանց դէմ իրաւական գործընթացները խօսքի ազատութեան հարցերով ՄԱԿ-ի յատուկ զեկուցող Տեւիտ Քայէն որակած է որպէս «ցուցադրական դատավարութիւն»:

Նոպելեան մրցանակակիրները յիշեցուցած են 2009 թուականին թուրք գրող Չեթին Ալթանին նուիրուած երեկոյի ժամանակ Էրտողանի խօսքերն այն մասին, թէ «Թուրքիան արդէն հին Թուրքիան չէ, որ մեծ գրողները կը բանտարկէ, այդ դարաշրջանն արդէն անցած է»: «Ելոյթն ունկնդրողներու շարքին էին նաեւ Չեթին Ալթանի երկու որդիները՝ Ահմետը եւ Մեհմետը: Ինը տարի անց անոնք դատապարտուեցան ցմահ ազատազրկման: Արդեօք սա հակասութիւն չէ՞»,- նշած են նամակի հեղինակները:

Նամակի աւարտին անոնք նշած են, որ կ’արտայայտեն Թուրքիոյ մէջ գտնուողներու, Թուրքիոյ դաշնակիցներու եւ այդ երկրի կողմէն մաս կազմող միջազգային կազմակերպութիւններու մտահոգութիւնն այդ երկրի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներու վերաբերեալ: «Մենք կոչ կ’ընենք դադրեցնել երկրի մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութիւնը, վերադառնալ օրէնքի գերակայութեան եւ խօսքի ու մտքի բացարձակ ազատութեան»,- նշած են անոնք՝ ընդգծելով, որ միայն այդպիսով Թուրքիան կը կարենայ դառնալ ազատ աշխարհի մաս:

Նամակը հեղինակած են Քաձուօ Իսիքուրոն, Սվետլանա Ալեքսիեւիչը, Մարիօ Վարկաս Լիոսան, Հերթա Միւլլերը, Ռենտի Շեքմանը, Աւրամ Հերշկօն եւ այլք:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment