Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀԱԿ/ՀԺԿ-ի Երթը Ի Յիշատակ Մարտի 1-ի Զոհերուն

ՀԱԿ/ՀԺԿ-ի Երթը Ի Յիշատակ Մարտի 1-ի Զոհերուն

by MassisPost

Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն մեկնարկած է Հայ ազգային քոնկրէսի եւ Հայաստանի ժողովրդական կուսակցութեան երթը՝ ի յիշատակ տասը տարի առաջ կատարուած ողբերգական իրադարձութիւններու։

NEWS.am-ի թղթակիցը յայտնած է, որ երթը գլխաւորած են ՀԱԿ փոխնախագահներ Արամ Մանուկեանն ու Լեւոն Զուրապեանը։ ՀԱԿ առաջնորդ, առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը երթին չէ մասնակցած։

Նշենք, որ ՀԱԿ/ՀԺԿ-ի երթին մասնակցելու մասին աւելի վաղ յայտարարած են նաեւ «Ելք» ընդդիմադիր խմբակցութեան ներկայացուցիչները։

Նշենք, որ 10 տարի առաջ Երեւանի կեդրոնին մէջ ողբերգական իրադարձութիւններ տեղի ունեցան, որուն հետեւանքով զոհուեցաւ 10 քաղաքացի:

18 Փետրուար 2008-ի նախագահական ընտրութիւններէն ետք ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմնակիցները հաւաքուած էին Ազատութեան հրապարակ եւ պահանջած էին ընտրութիւններու արդիւնքներու վերանայում: Անոնք 10 օր շարունակ շուրջօրեայ հանրահաւաքներ իրականացուցած էին Ազատութեան հրապարակին վրայ:

Մարտի 1-ի առաւօտեան ոստիկանութիւնը ուժով ցրած էր Ազատութեան հրապարակի վրայ հաւաքուածները: Մարդիկ սկսած են հաւաքուիլ Միասնիկեանի արձանի մօտ: Նոյն օրը երեկոյեան երկրի նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանն արտակարգ դրութիւն յայտարարած է, ապա ուժային կառոյցները հրազէն կիրառած են անզէն ցուցարարներուն դէմ, որուն հետեւանքով զոհուած է 10 քաղաքացի, այդ շարքին երկու ոստիկան, եւս 200 մարդ տարբեր աստիճանի վնասուածքներ ստացած են:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment