Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երուսաղէմի Եկեղեցիներէն Հարկերու Գանձումը Դադրեցուած է

Երուսաղէմի Եկեղեցիներէն Հարկերու Գանձումը Դադրեցուած է

by MassisPost

Իսրայէլի կառավարութիւնը դադրեցուցած է Երուսաղէմի եկեղեցիներէն հարկերու գանձման գործընթացը, որ բողոքի մեծ ալիք բարձրացուցած էր եկեղեցականներու շրջանակին մէջ:

Վարչապետ Բենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը   յայտարարած է, որ հարկերու գանձման եւ ստեղծուած իրավիճակի կարգաւորման հարցերով պիտի ստեղծուի յատուկ յանձնաժողով, որ բանակցութիւններ պիտի վարէ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն հետ, իսկ մինչ այդ «Երուսաղէմի քաղաքապետարանը պիտի դադրեցնէ հարկերու գանձման գործընթացը», որ մեկնարկած է քանի մը շաբաթ առաջ:

Կիրակի օր, ի նշան բողոքի Երուսաղէմի Հռոմի Կաթոլիկ, Յոյն Ուղղափառ եւ Հայ Առաքելական եկեղեցիներու ներկայացուցիչները փակած էին Սուրբ Յարութեան տաճարը:

Քրիստոնէական եկեղեցիները հարկային նորամուծութիւնները կը համարեն «Սուրբ Հողի մէջ քրիստոնեաներու դէմ ուղղուած աննախադէպ ճնշում»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment