Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երուսաղեմի Քրիստոնեայ Համայնքներու Հոգեւոր Պետեր Փակած են Սուրբ Յարութեան Տաճարի Դռները

Երուսաղեմի Քրիստոնեայ Համայնքներու Հոգեւոր Պետեր Փակած են Սուրբ Յարութեան Տաճարի Դռները

by MassisPost

Արդէն երկրորդ օրն է, ինչ քրիստոնէական աշխարհի ու ուխտաւորութեան ամենակարեւոր սրբավայրերէն մէկու՝ Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարի դռները փակ են:

Կիրակի Փետրուար 25-ի կէսօրին Երուսաղէմի երեք իրաւատէր քրիստոնէական համայնքներու հոգեւոր պետերը՝ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանը, Յոյն պատրիարք Թեոֆիլոս Երրորդն ու Լատինաց Ս. Երկրի Քուսթոս Ֆրանչեսքօ Փաթոնն ի նշան բողոքի փակեցին Ս. Յարութեան տաճարի դռներն եւ տաճարի մուտքի առջեւ ընթերցեցին երեքի կողմէ ստորագրուած յայտարարութիւնը:

Այս յայտարարութեան բովանդակութեան մէկ հատուածը երեք յարանուանութիւններու ղեկավարները  հրապարակած էին անցեալ տարուան Սեպտեմբեր ամսուն:

Յայտարարութիւնը շատ խիստ ձեւով կը քննադատէ Իսրայէլի Քնեսեթի ու Երուսաղէմի քաղաքապետարանի հակաքրիստոնէական դիրքորոշումը քրիստոնէական համայնքի ու քրիստոնէական եկեղեցիներու դէմ: Անոնք կը մեղադրեն հրէական իշխանութիւնները գործող «սթաթուս քօ»ի խախտման եւ քրիստոնեաներու իրաւունքներու ոտնահարման մէջ:

«Հիմա տաճարի դուռը փակ է՝ ի նշան բողոքի: Հոգեւոր պետերը կը բողոքեն երկու որոշման դէմ: Առաջինը քաղաքապետարանի որոշման դէմ, որ հրահանգած է Սուրբ երկրի քրիստոնեայ համայնքներու եկեղեցիներէն ու վանքերէն հարկ գանձել, ինչէն դարեր շարունակ քրիստոնէական համայնքները ազատուած եղած են», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանի ու ընծայարանի տեսուչ հայր Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեանը:

Խօսքը «Առնոնա» կոչուող հարկի մասին է, որ տարիներ շարունակ Երուսաղէմի քաղաքապետարանը կը փորձէ գանձել Երուսաղէմի քրիստոնէական համայնքներէն ու այժմ նոյնիսկ աւելի հեռուն երթալով եկեղեցական ունեցուածքի բռնագրաւման, դրամատան հաշիւներու սառեցման ճանապարհով կ’ուզէ գանձումներ իրականացնել Երուսաղէմի քաղաքապետարանի ղեկավարութիւնը: Այս մասին, մասնաւորաբար, նշուած է քրիստոնեայ առաջնորդներու յայտարարութեան մէջ:

«Իսկ երկրորդը», – շարունակած է Կորիւն վարդապետը, – «հոգեւոր պետերը կը  բողոքեն այն օրինագիծի դէմ, որ ներկայիս կը շրջանառուի Քնեսեթի մէջ: Երէկ պէտք է քննարկում տեղի ունենար, բայց եկեղեցւոյ դռները փակելու պատճառով շաբաթով մը յետաձգուած է այդ քննարկումը»:

Այդ օրինագծով, եթէ Երուսաղէմի քրիստոնեայ համայնքներն իրենց հողերը վարձակալութեան տան որեւէ երրորդ կողմի՝ կազմակերպութեան կամ անհատի, այլ ոչ թէ կառավարութեան հաւանութեան արժանացած կազմակերպութեան ու առանց Քնեսեթի նոր ստեղծուելիք յանձնաժողովի ու կառավարութեան համաձայնութիւնը ստանալու, ապա այդ հողերը պիտի բռնագրաւուին յօգուտ Իսրայէլի․ – «Հիմնական այդ երկու հարցերու առումով էր, որ ի նշան բողոքի փակուեցաւ եկեղեցին: Որովհետեւ Քնեսեթի քննարկումը ընդամէնը մէկ շաբաթով յետաձգուած է, իսկ մեր պահանջն է, որ այդ օրինագիծը ընդհանրապէս չեղեալ ըլլայ: Եւ երկրորդը, որ քաղաքապետարանի այդ որոշումը չեղարկուի․ ինչպէս որ դարեր շարունակ եղած է աւանդութիւն, որ եկեղեցիներն ու վանքերը ազատուած եղած են հարկ վճարելէ, շարունակուի այդ աւանդութիւնը»:

Հայ հոգեւորականի կարծիքով, Սուրբ Յարութեան տաճարի դուռերու փակումը բաւական արդիւնաւէտ միջոց է:

Հարցին, թէ կայ արդեօք արձագանգ քրիստոնէական աշխարհէն, կը հնչե՞ն համերաշխութեան կոչեր, թէ՞ կը քննադատեն պատրիարքների որոշումը քրիստոնեայ ուխտաւորներու դիմաց դռները փակելու որոշման հետ կապուած, Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեանը պատասխանած է․ – «Այս պահուն բաւական դրական է արձագանգը: Ոչ մէկ քննադատութիւն չենք տեսած, միայն մեզ աջակցող յայտարարութիւններ լսած ենք»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment