Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հոլանտայի Խորհրդարանը Ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Հոլանտայի Խորհրդարանը Ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

by MassisPost

Հոլանտայի խորհրդարանը ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ ընդունած է երկրի համախոհ կառավարութեան մէջ մտնող Քրիստոնէական Միութիւն կուսակցութեան անդամ Ճոյել Ֆորտեւինտի ներկայացուցած Հայոց Ցեղասպանութեան երկու բանաձեւերը։

Առաջին բանաձեւով կը վերահաստատուի Հոլանտայի կողմէ 2004-ին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին որոշումը, իսկ երկրորդով կը պարտադրուի կառավարութեան՝ նախարարի մակարդակով հինգ տարին մէկ անգամ Ապրիլ 24-ին այցելել եւ յարգանքի տուրք մատուցել Ծիծեռնակաբերդի մէջ:

Քուէարկութենէն անմիջապէս ետք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան հանդէս եկած է յայտարարութեամբ` Հոլանտայի Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը վերահաստատելու վերաբերեալ:

«Բարձր կը գնահատենք բարեկամ Հոլանտայի խորհրդարանին մէջ այսօր տեղի ունեցած քննարկումները եւ ատոնց արդիւնքով ընդունուած բանաձեւերը, որոնք աներկբայօրէն կը վերահաստատեն 2004-ի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Այս քայլով Հոլանտայի խորհրդարանը կրկին հաստատեց իր հաւատարմութիւնը համամարդկային արժէքներուն, ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման վեհ գործին», – ըսած է Նալպանտեան:

Թուրքիան խստօրէն դատապարտած է Հոլանտայի Ներկայացուցիչներու պալատի որոշումները:

«Սրեպրենիցայի ցեղասպանութիւնը կողքէն դիտող երկրի խորհրդարանի կայացուցած անհիմն որոշումները տեղ չունին ոչ պատմութեան, ոչ ալ արդարադատութեան մէջ։ Այսպիսով անոնք իրաւաբանական տեսանկիւնէ ոչ պարտադիր են, ոչ ալ վաւեր»,- ըսուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ։

«1915 թուականի իրադարձութիւններու վերաբերեալ Թուրքիոյ դիրքորոշումը հիմնուած է պատմական փաստերու եւ իրաւական չափանիշներու վրայ: Եւրոպական օրէնսդրութիւնը եւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի կայացուցած որոշումները կը հաստատեն մեր ճշմարտացիութիւնը։

Եւ ուրեմն մենք հիմք կ’ընդունինք Հոլանտայի կառավարութեան յայտարարութիւնը, որ «այն պիտի չհետեւի խորհրդարանին՝ ճանչնալով 1915 թուականի իրադարձութիւնները որպէս ցեղասպանութիւն, եւ որ Երեւան ներկայացուցիչ ուղարկելը չի նշանակեր ճանչնալ ցեղասպանութիւնը»»,- յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment