Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Բացուած է Փանտորայի Արկղը»՝ Թուրքիան Թուայնացուցած է Երկրի Բնակչութեան Տոհմածառերը

«Բացուած է Փանտորայի Արկղը»՝ Թուրքիան Թուայնացուցած է Երկրի Բնակչութեան Տոհմածառերը

by MassisPost

Թուրքիոյ կառավարութիւնը թուայնացուցած է երկրի բնակչութեան գրանցամատեաններու արխիւները եւ կառավարութեան կայքին մէջ Փետրուարէն ի վեր յաւելուած մը կը գործէ, ուր Թուրքիոյ քաղաքացիները կրնան իրենց անձնական տուեալները լրացնել եւ տեսնել իրենց տոհմածառը՝ որոնք  եղած են իրենց նախնիները:

Մի քանի օրուայ ընթացքին միլիոնաւոր քաղաքացիներ այցելած են կառավարութեան կայք՝ պարզելու իրենց արմատները: Համացանցային     յաճախելիութիւնը այնքան շատ եղած էր, որ կայքը կախուած էր: Կարծիքներ հնչած է, որ պէտք չէ այն վերաբանալ, ծագումնաբանութիւնը իմանալը ոչ մէկ լաւ բան չի տար:

Փետրուար 14-էն այն դարձեալ վերագործարկուած է, ու արդէն աւելի քան 8 միլիոն մարդ մտած է կառավարութեան կայք՝ պարզելու իր արմատները:

Բազմազգ, բազմամշակութային Թուրքիոյ մէջ նախնիներու ինքնութեան բացայայտումները լայն քննարկման առարկայ դարձած են, շատերը  զարմանքի մէջ ինկած են, որովհետեւ կը կարծէին, թէ իրենք զտարիւն թուրք են, սակայն պարզուած է՝ հայ են, յոյն, ասորի, կամ դաւանափոխ մարդոց ժառանգներ: Մէկ մասն ալ ուրախացած է, որովհետեւ եւրոպական որեւէ երկրի քաղաքացիութիւն ստանալու հնարաւորութիւն կը բացուի:

Hurriyet Daily News-ը գրած է, որ Թուրքիոյ շատ քաղաքացիներ արդէն քայլեր ձեռնարկած են երկրորդ քաղաքացիութիւնը ստանալու համար, քանի որ պարզած են՝ իրենց նախնիները Պուլկարիայէն են, Յունաստանէն, Ռումանիայէն կամ Մակեդոնիայէն ու Պոսնիա եւ Հերցեկովինայէն:

«Բացուած է Փանտորայի արկղը»՝ վերնագրուած է «Ակօս»-ի մէջ:

Al-Monitor-ը գրած է, որ դեռ 2004-ին, երբ «Ակօս»-ի խմբագիր Հրանդ Տինքը գրած էր, թէ Թուրքիոյ առաջին զինուորական կին օդաչուն՝ Սապիհա Կիոքչէնը ծագումով հայ է, այս եւ այլ հրապարակումներու պատճառով ինկած էր արդարադատութեան նախարարութեան հետաքննութեան տակ:

Ծագումով հայ լրագրող, սիւնակագիր Հայկօ Պաղտատը Al-Monitor-ին ըսած է, որ 1915 թուականի ցեղասպանութեան ընթացքին շատերը նաեւ կրօնափոխ եղած են, տարհանուածներու շարքին հազարաւոր երեխաներու մէկ մասը փրկուած է՝ այլ երկիրներ հասնելով, բայց մէկ մասը  յանցախումբերու  ձեռքը գերի ինկած է, ենթարկուած սեռական ու աշխատանքային ստրկութեան:

«Հասարակութիւնը դեռ պատրաստ չէ ընդունիլ այդ իրականութիւնը, պատկերացուցէք, այս երկրի կրօնական գործերու տնօրէն Լիւթֆի Տողանը Հայոց պատրիարք Շնորհք Գալուստեանի եղբայրն է: Ցեղասպանութեան ժամանակ Գալուստեանի մայրը երեխաներուն հեռու ուղարկած է, իսկ ինքը իսլամ ընդունած է: Աւելի ուշ ան ամուսնացած է Տողան անունով մարդու հետ, երկու աղջիկ ու մէկ տղայ ունեցած: Տղան Լիւֆթի Տողանն է: Երբ մայրը մահացած է, Պէյրութէն ազգական եկած է յուղարկաւորութեան: Երբ ան հոգեւորականի հագուստով ներս մտած է՝ բոլորը պապանձած են», – ըսած է Հայկօ Պաղտատը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment