Ընտրութիւններու ընթացքին լրագրողներու դէմ կիրառուող բռնութիւններ, անհամաչափ ուժի կիրառման համար չպատժուած ոստիկաններ եւ բռնութիւններով ու ճնշումներով ուղեկցուող դատավարութիւններ․ ասոնք են այն երեք հիմնական խնդիրները, որոնք տեղ գտած են Amnesty International իրաւապաշտպան կազմակերպութեան՝ երէկ հրապարակած տարեկան զեկոյցին մէջ:
«Մարդու իրաւունքներու վիճակը աշխարհի մէջ 2017-2018 թուականներուն» վերնագրուած այս փաստաթուղթին մէջ հեղինակաւոր իրաւապաշտպան կառոյցի ներկայացուցիչները բաւական մանրամասնօրէն անդրադարձած են Հայաստանի մէջ անցած մէկ տարուան ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն:
Amnesty International-ի ներկայացուցիչները նշած են․ – «Համապատասխանաբար ապրիլին եւ մայիսին կայացած խորհրդարանի եւ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները եւ անոնց նախորդող ընտրարշաւները ուղեկցուած էին լրագրողներու եւ Ընտրական օրէնսգիրքի խախտումները բացայայտել փորձող այլ անձանց դէմ կիրառուած բռնութեան առանձին դէպքերով»:
Amnesty International-ի ներկայացուցիչները նոյն զեկոյցին մէջ բաւական մանրամասնօրէն անդրադարձած են 2016-ի յուլիսին Ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքը գրաւած «Սասնայ ծռեր» խումբի անդամներու դատավարութեան ընթացքին արձանագրուած օրէնքի խախտումներուն ու միջադէպերուն:
«Գործով անցնող ամբաստանեալներէն մի քանին յայտարարեցին, որ անազատութեան մէջ բռնութեան ենթարկուած են, անոնց փաստաբաններն ալ նշած էին, որ ենթարկուած են ճնշումներու, որոնց նպատակն էր խոչընդոտել իրենց մասնագիտական գործունէութիւնը», – գրած են Amnesty International-ի փորձագէտները` աւելցնելով․ – «Արայիկ Պապիկեանը, Մուշեղ Շուշանեանը, Նինա Կարապետեանցը եւ գործին մէջ ներգրաւուած այլ փաստաբանները բողոքած էին, որ կալանավայրերու ղեկավարութիւնը թոյլ չէր տար այցելել իրենց պաշտպանեալներուն, անոնց հետ դէմ առ դէմ հանդիպումներ իրականացնել, ինչպէս նաեւ անօրինականօրէն բռնագրաւած ու ոնչնչացուցած էր նախաքննութեան վերաբերող որոշ նիւթեր, որոնք իրենց տրամադրութեան տակ էին»:
Զեկոյցի հեղինակները չեն շրջանցած նաեւ «Սասնայ ծռեր»ու գործով անցնող շարք մը ամբաստանեալներու դէմ կիրառուած բռնութիւններու թեման: