Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Երկրորդական Վարժարան.- Վարդանանց Զօրավարաց Տօնի Նշում Արարատ Տան Մէջ

ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Երկրորդական Վարժարան.- Վարդանանց Զօրավարաց Տօնի Նշում Արարատ Տան Մէջ

by MassisPost

Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց տօնին առիթով, Երեքշաբթի, 6 Փետրուար 2018-ին, Միշըն Հիլզի Արարատ Տան «Ճորճ Տէօքմէճեան» հանդիսասրահէն ներս տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան, կազմակերպութեամբ Արարատ Տան Տիկնանց միութեան, ներկայութեամբ Արեւմտեան Թեմի ողջ կրօնաւորաց դասին եւ բարեկամներու հոծ բազմութեան։

Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան ՀԲԸՄ-ի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանի պարի եւ երգչախումբի աշակերտ-աշակերտուհիները, որոնք իրենց բծախնդիր պատրաստուածութեամբ ու ներկայացումով՝ հմայեցին ներկաները, անոնց առթելով հպարտութեան յուզմունք եւ հոգեկան բաւարարութիւն։

Բացման խօսքը արտասանեց Վարժարանիս Հոգաբարձութեան հիմնադիր անդամ եւ կրթական յանձնախումբի ատենապետուհի դոկտ. Սիլվա Գարայեանը։ Ան շեշտեց, որ ՀԲԸՄ-ի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանը Հայկական վարժարան է, իր նկարագրով եւ էութեամբ։ Այս վարժարանին նպատակն է աշակերտներուն հայեցի դաստիարակութիւն ջամբել եւ իրենց մէջ ազգային նկարագիրը զօրացնել։ Աշակերտներուն այսօրուան ներկայացնելիքը լաւագոյն վկան է սոյն հաստատումին,եզրակացուց տիկ. Գարայեան։ Ապա բեմ հրաւիրեց վարժարանիս Հայկական Բաժանմունքի վարիչ՝ օրդ. Լորա Գույումճեանը, որպէսզի վարէ օրուան հաղորդավարութիւնը։

Օրդ. Լորա իր կարգին վեր առաւ վարժարանիս տարած հայկական առաքելութիւնը, յատկապէս շեշտելով կատարողական արուեստի հանդէպ անոր ցուցաբերած բծախնդրոութիւնն ու նուիրումը։

Աշակերտական գեղարուեստական յայտագիրը սկսաւ «Վարդանի Ճառ»ով, զոր ընթերցեց Ալեքս Աւաննեսեան։ Ապա երգչախումբը հանդէս եկաւ «Պլպուլն Աւարայրի» եւ «Իմ Հայրենեաց հոգի Վարդան» երգերով։ Պարախումբը ներկայացուց «Տաւիղ» եւ «Զարթօնք» պարերը։ Վահան Թէքէեանի «Խորհուրդ Վարդանանց»ը արտասանեց Քրիս Նազարեան։ Երգչախումբը երգեց «Վարդանի երգ»ը եւ «Մենք քաջ Վարդանի տոհմէն ենք» յաղթերգը։ Արամ Խաչատուրեանի «Մասքարատ»ը դաշնամուրի վրայ նուագեց Էտկար Էքշեան։ Յունական պարով հանդէս եկան պարախումբի աշակերտները, որմէ ետք բոլոր աշակերտները միատեղ երգեցին «Ղարաբաղ իմ» երգը եւ ազգային օրհներգը։

Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով գնահատանքի ու շնորհակալութեան խօսք արտասանեց յանձնախումբի ատենապետուհին՝ Տիկ. Ալիս Գաւաճեան , որ բոլոր ներկաներուն սրտի թարգմանը ըլլալով շնորհակալութիւն յայտնեց  ՀԲԸՄ-ի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանի տնօրէնութեան, երգի ու պարի ուսուցիչներուն՝ տիար Պարթեւ Կիւլիւմեանին, օրդ. Էլմիրա Սիմոնեանին եւ տիկ. Թագուհի Պէզաթեանին, եւ յատկապէս աշակերտներուն՝ իրենց սքանչելի կատարումին համար։

Հաւաքական լուսապատկեր առնելէ ետք, աշակերտները հոգեթով զգացումներով լեցուած վերադարձան վարժարան։

P1030275

P1030340

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment