Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հոլանտայի Խորհրդարանը Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Օրէնքի Նախագծերը Պիտի Քննարկէ Փետրուար 22-ին

Հոլանտայի Խորհրդարանը Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Օրէնքի Նախագծերը Պիտի Քննարկէ Փետրուար 22-ին

by MassisPost

Հոլանտայի խորհրդարանի ստորին պալատին (Tweede Kamer) մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող օրէնքի նախագիծերը պիտի քննարկուին Փետրուար 22-ին:

Նախագիծերու հեղինակը երկրի համախոհ կառավարութեան մէջ մտնող Քրիստոնէական միութիւն կուսակցութիւնը ներկայացնող Ճոյել Ֆորտեւինտն է:

Ճոյել Ֆորտեւինտ շրջանառութեան մէջ դրած է Հայոց Ցեղասպանութեան առնչութեամբ երկու նոր նախագիծ: Առաջինը Հոլանտայի կողմէ 2004 թուականին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին որոշման վերահաստատումն է: Իսկ երկրորդ նախագիծը կը պարտադրէ նախարարի մակարդակով ամէն տարի Ապրիլ 24-ին այցելել եւ յարգանքի տուրք մատուցել  Ծիծեռնակաբերդի մէջ:

Վաղը սրահին մէջ իբրեւ ունկնդիր ներկայ պիտի գտնուին նաեւ հոլանտահայերը: Տեղի պիտի ունենայ հարց ու պատասխան Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարին հետ:

Կը նշուի, որ բանաձեւերու ընդունման հաւանականութիւնը շատ բարձր է, քանի որ խորհրդարանական 4 կուսակցութիւններն ալ կ’աջակցին անոնց:

Օրեր առաջ բանաձեւերու վերաբերեալ մամուլի մէջ տեղեկութիւններ յայտնուելէ ետք Թուրքիոյ ԱԳՆ կանչուած էր Հոլանտայի դեսպանատան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment