Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը Քննարկած է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան Իրավիճակը

Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը Քննարկած է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան Իրավիճակը

by MassisPost

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, նախագահութեամբ Գարեգին երկրորդ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի, սկսած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը՝ ընդլայնուած կազմով: Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի փոխանցմամբ, օրակարգի մէջ ընդգրկուած են համազգային եւ ներեկեղեցական  շարք մը հարցեր:

Մասնաւորաբար քննարկուած է Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան առնչուող խնդիրներ, Հայ Եկեղեցւոյ կառավարման արդիւնաւէտութեան, Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերու 100-րդ տարեդարձի տօնախմբման, երիտասարդներու մէջ քարոզչական առաքելութեան զօրացման մասին նիւթեր: Քառօրեայ ժողովին պիտի ներկայացուի նաեւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի ու թեմերու 2017-ի գործունէութեան տեղեկագիրը:

2016 թուականի Հոկտեմբերի վերջին Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանէն ներս տեղի ունեցած եկեղեցական ընդհանուր ժողովի ժամանակ Հոգեւոր խորհուրդը, անգործունակ վիճակի մէջ գտնուող պատրիարք Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի ուխտը լուծարուած համարած էր` օրակարգ բերելով նոր պատրիարք ընտրելու հարցը:

2017-ի Օգոստոսի սկիզբին, պատրիարքական ընտրութիւնները նախաձեռնող խումբը դիմած էր Պոլսոյ նահանգապետարան՝ առաջարկելով նոր պատրիարք ընտրող պատուիրակներու ընտրութիւնները իրականացնել 10 դեկտեմբերին, իսկ պատրիարքի ընտրութիւնները՝ Դեկտեմբեր 13-ին: Կ’ակնկալուէր, որ Պոլսոյ նահանգապետարանը այս դիմումին պէտք է պատասխանէր մինչեւ Հոկտեմբեր 9, սակայն սահմանուած ժամկէտին մէջ որեւէ արձագանգ չէր ստացուած: Այնուհետեւ նախաձեռնող խումբը դիմած էր դատարան՝ հայց ներկայացնելով Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան դէմ։

Պոլսոյ նահանգապետարանը Փետրուար 5-ին ի վերջոյ պատասխանած է Պոլսոյ Հայոց նոր պատրիարքի ընտրութեան անցկացման վերաբերեալ դիմումին: Թրքական իշխանութիւնները յայտնած են, որ պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանը դեռ ողջ է, անոր առողջական խնդիրները պատրիարքական աթոռը թափուր ճանչնալու պատճառ չեն համարուիր, հետեւաբար նոր պատրիարքի ընտրութեան համար անհրաժեշտ պայմաններ չկան եւ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանը կը շարունակէ մնալ պատրիարքական փոխանորդի պաշտօնին, իսկ տեղապահ Գարեգին Պեքճեանի ընտրութեան գործընթացը, ինչպէս նաեւ անոր կայացուցած որոշումները անվաւեր համարուած են:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment