Աշխատանքային այցելութեամբ Գերմանիա գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Փետրուար 17-ի երեկոյեան, մասնակցած է Միւնիխի Ապահովութեան վեhաժողովին։ Խօսք առնելով «Նե՞րս, թէ՞ դուրս. Ռուսիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ ինկած երկիրները» խորագիրով քննարկման ընթացքին՝ նախագահը հաստատած է, որ Հայ-թրքական արձանագրութիւններու բանակցութիւնը կատարուած էր` մեկնելով եղած պայմաններէն: Ան ընդգծած է, որ եթէ Թուրքիան կ’ուզէ սպասել այլ պայմաններու, ապա վաւերացնել արձանագրութիւնները, ան չարաչար կը սխալի, նշելով, որ նոր պայմաններու լոյսին տակ պէտք է բանակցութիւն ընթանայ նոր փաստաթուղթի շուրջ:
ՀՀ նախագահի պաշտօնական կայքին համաձայն՝ նախագահ Սարգսեան անդրադարձած է աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններուն լոյսին տակ Հայաստանի վարած արտաքին քաղաքականութեան, համարկման հոլովոյթներու ծիրին մէջ Հայաստանի արդիւնաւէտ փոխադարձ գործակցութեան` Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) եւ Եւրոպական Միութեան հետ, անվտանգութեան առումով շրջանի խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն, այդ պարունակին մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն միջնորդութեամբ Արցախի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին:
«Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի հանգուցալուծմանն ուղղուած ջանքերը կարող են օրինակ ծառայել, թէ ինչպէս Ռուսաստանը, ԵՄ-ը եւ ԱՄՆ-ը կարող են դրականօրէն համադրել իրենց դիրքորոշումները՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան ու անվտանգութեան։ Մեր ցանկութիւնն է, որ նման ընդհանրութիւններն առաւել յաճախ դրսեւորուեն»,-նշած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Նախագահը խօսած է նաեւ Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան ծիրին մէջ Հայաստանի ստանձնած եւ բանակցութեան ենթակայ եղած յանձնառութիւններուն մասին` ընդգծելով, որ տակաւին նախորդ դարու 70-ական թուականներուն սկիզբ առած Հելսինքեան գործընթացին նպատակը Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան ամրապնդումն էր` ապահովելով ժողովուրդներու համերաշխութիւնը, արժանապատիւ եւ իրաւահաւասար համակեցութիւնը, որ, Սարգսեանի համաձայն, այսօր ալ կը շարունակէ արդիական մնալ:
Հայաստանի նախագահը շեշտած է, որ Հելսինքիի եզրափակիչ փաստաթուղթին տասը սկզբունքները մէկ միասնական ընդհանրութիւն են, եւ անոնցմէ որեւէ մէկը պէտք չէ տարանջատուի կամ հակադրուի միւսներուն. «Հելսինքիի ոգու աղաղակող ոտնահարում է Ատրպէյճանի դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի շուրջ: Դա յատկապէս ակնառու է հարեւան երկրում մեկնարկած նախընտրական շրջանում: Նախագահ Ալիեւը ոչ աւել, ոչ պակաս տարածքային նկրտումներ է յայտարարում Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի հանդէպ՝ անուանելով այն պատմական ատրպէյճանական տարածք: Զառանցանք է, իհարկէ, բայց Եւրոպայի լռութեան պայմաններում այդպիսի անհեթեթութիւնները կարող են ունենալ շատ լուրջ հետեւանքներ»,- ընդգծած է Սարգսեան:
Անդրադառնալով Հայաստանի` ԵՏՄ-ի անդամակցութեան, նախագահ Սարգսեան յայտարարած է, որ Հայաստան այդ կառոյցին միացած է «յստակ գիտակցելով, որ այն լաւագոյնս է ծառայելու տնտեսութեան զարգացմանը, երկրի ապագային»։
«Միաժամանակ, դա բնաւ չի խոչընդոտել մեր համագործակցութեանը Եւրոպական միութեան հետ: Եւրամիութեան հետ մեր համագործակցութիւնը նոր մակարդակի բարձրացաւ վերջերս ստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրով։ Այժմ կարեւոր է, որ այդ փաստաթղթի վաւերացման գործընթացն ընթանայ պատշաճ արագութեամբ: Մենք շարունակաբար ձգտելու ենք համագործակցել բոլոր այն ուժերի հետ, որոնք արդէն իսկ հասել են մեծ յաջողութիւնների եւ կարող են նպաստել մեր երկրի զարգացմանը: Նշուած քաղաքականութիւնը դիւրացնում է Հայաստանի փոխգործակցութիւնը թէ՛ ԵԱՏՄ-ի, թէ՛ ԵՄ-ի հետ: Սա նաեւ հնարաւորութիւն է բոլոր նրանց համար, ովքեր ցանկանում են Հայաստանի միջոցով ընդլայնել գործարար կապերը այս երկու կառոյցների միջեւ»,- ըսած է ան։
Հայաստանի նախագահը անդրադարձած է նաեւ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն` ընդգծելով, որ Թուրքիան կը շարունակէ փակ պահել Հայաստանի հետ սահմանը, եւ ժամանակը այստեղ կարծես կանգ առած է: Սերժ Սարգսեան ըսած է, թէ Հայաստանը ամէն ինչ ըրած է իրավիճակը յաղթահարելու համար, սակայն 2009-ին Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ կնքուած հաշտեցման արձանագրութիւնները այդպէս ալ մնացած են թուղթի վրայ:
«Թուրքիան ոչ միայն չվաւերացրեց դրանք, այլեւ առաջադրեց արձանագրութիւնների հետ որեւէ կապ չունեցող նախապայմաններ: Դա ոչ այլ ինչ էր, քան պատմական հնարաւորութեան տապալում։ Արդեօ՞ք Ատրպէյճանն է խոչընդոտում Թուրքիային Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու հարցում, ինչպէս մեզ շատերը փորձում են համոզել։ Ո՛չ, հիմնական խոչընդոտը Թուրքիայի առաջնորդների քաղաքական կամքի բացակայութիւնն է»,- ըսած է Սարգսեանը՝ եզրափակելով – «Մենք չենք կարող առյաւէտ սպասել Թուրքիայի պատասխան քայլերին: Արձանագրութիւնները բանակցուել էին՝ ելնելով եղած պայմաններից: Եթէ Թուրքիան ցանկանում է սպասել այլ պայմանների, ապա վաւերացնել արձանագրութիւնները, նա չարաչար սխալուում է: Նոր պայմաններում պէտք է բանակցուի նոր փաստաթուղթ: Հայաստանը նախապայմանների լեզուով չի խօսում, բայց չի էլ ընդունի որեւէ մէկի կողմից նախապայմանների առաջադրումը»։