Հոլանտայի խորհրդարանի ստորին պալատը` Tweede Kamer-ը Հինգշաբթի օր ձայներու մեծամասնութեամբ հաւանութիւն տուաւ 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին երկու բանաձեւերուն::
Բանաձեւերէն առաջինը կը նշէ, որ Tweede Kamer-ը «կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը», միւսը, որ Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարը պէտք է Ապրիլին ներկայ գտնուի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակման արարողութեան Հայաստանի մէջ: Կ՛ակնկալուի, որ այս որոշումը վատ անդրադառնայ Թուրքիոյ եւ Հոլանտայի յարաբերութիւններուն վրայ, կը հաղորդէ ANP-ն:
Երկու բանաձեւերն ալ ներկայացուած էին ChristenUnie կուսակցութեան պատգամաւոր ճոյել Ֆորտեւինտի կողմէ: Բոլոր 4 համախոհ ուժերը սատարած են այդ բանաձեւերուն:
Մինչեւ հիմա Հոլանտան երբեք պաշտօնապէս չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը` միշտ խօսելով «Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի մասին»: Բայց խորհրդարանական մեծամասնութիւնը կը գտնէ, որ ժամանակն է ատիկա փոխելու: «Մենք չենք կրնար ժխտել պատմութիւնը պատժամիջոցներու վախէն, որովհետեւ մեր երկիրը միջազգային իրաւունքի մայրաքաղաքն է, ուստի մենք պէտք չէ վախնանք ճիշդ քայլեր ընելէն», – Trouw-ին ըսած է Ֆորտեւինտը: