Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ծեծկռտուք Երեւանի Աւագանիի Նիստի Ժամանակ

Ծեծկռտուք Երեւանի Աւագանիի Նիստի Ժամանակ

by MassisPost

Երեւանի աւագանիի նիստի ժամանակ ծեծկռտուք տեղի ունեցած է «Երկիր Ծիրանի» եւ Հանրապետական խմբակցութիւններու անդամներուն միջեւ։

«Երկիր Ծիրանի»-ի անդամները Նուպարաշէնէն բերուած կոյուղաջուրով լեցուն շիշը ներս բերած են դահլիճ ու փորձած՝ այն մօտեցնել քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին։

Հանրապետականի աւագանիի անդամներուն ու «Երկիր Ծիրանի» խմբակցութեան անդամներուն միջեւ հրմշտոց սկսած է։ Հանրապետականները նիստերու դահլիճէն քաշելով դուրս հանած են ընդդիմադիր խմբակցութեան անդամները: Հանրապետականի աւագանիի անդամը երկու անգամ ապտակած է «Երկիր Ծիրանի»-էն Մարինա Խաչատրեանին։

Բռնութիւն կիրառուած է նաեւ լրագրողներու նկատմամբ։ Քաղաքապետարանի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան աշխատակիցներն ու քաղաքապետի օգնականները նաեւ խոչընդոտած են լրագրողներու աշխատանքը։

Յիշեցնենք, որ  փետրուար 12-ին Նուպարաշէնի խճուղիի յարակից շէնքի բնակիչները մի քանի վայրկեանով փակած էին «Նուպարաշէն» քրէակատարողական հիմնարկ տանող ճանապարհը։ Անոնք կը բողոքէին քրէակատարողական հիմնարկի կոյուղիէն տարածուող գարշահոտութենէն։ Երէկ ընդդիմադիր խմբակցութիւնը այդ տարածքէն վերցուած կոյուղաջուրը բերած էր քաղաքապետին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment