Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Աթէշեանին Չենք Ընդունիր, Նոր Պատրիարք Կ’ուզենք Ընտրել». Կարօ Փայլան

«Աթէշեանին Չենք Ընդունիր, Նոր Պատրիարք Կ’ուզենք Ընտրել». Կարօ Փայլան

by MassisPost

Թուրքիոյ  խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան ընդվզած է թրքական իշխանութիւններուն կողմէ   Աթէշեան արքեպիսկոպոսին փոխպատրիարք վերանշանակելու անօրինական քայլի դէմ:

Հայ պատգամաւորը իր Twitter-ի էջին վրայ գրած է. «Պետութիւնը պատրիարքարանի հարկադիր կատարողին  (նկատի ունի արք. Արամ Աթէշեանին)  նշանակելու համար սովորելու արժանի ինտրիգներ կազմակերպեց: Բայց մենք հարկադիր կատարողին չենք ընդունիլ: կ՛ուզենք նոր պատրիարք ընտրել»:

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի Կրօնական Ժողովի որոշմամբ   Արամ Արք.  Աթէշեան վերադարձած էր պատրիարքական փոխանորդի պաշտօնին:

Կրօնական Ժողովը  քննարկելէ ետք պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութենէն Փետրուար 5-ին ստացուած նամակը, որոշած է առաջնորդուիլ իշխանութիւններու  յայտնած դիրքորոշմամբ եւ  վերադառնալ 2016-ի Հոկտեմբեր 26-էն առաջ եղած վիճակին, երբ Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանը հանգստեան   կոչուած էր: Այսպիսով, Արամ Արք.  Աթէշեան պիտի շարունակէ մնալ պատրիարքական փոխանորդի պաշտօնին վրայ:

Կրօնական ժողովի կարծիքով, նոր պատրիարքի ընտրութիւնը տեղի կրնայ ունենալ համապատասխան պայմաններ ապահովելու պարագային:

Պատրիարքական տեղապահի պաշտօնին ընտրուած Գարեգին Արք.  Պեքճեան չէ մասնակցած Կրօնական Ժողովի նիստին:

Յիշեցնենք, որ ամիսներ տեւած լռութենէ ետք Իսթանպուլի  նահանգապետարանը Փետրուար 5-ին ի վերջոյ պատասխանած էր Պոլսոյ Հայոց նոր պատրիարքի ընտրութեան  վերաբերեալ Օգոստոս ամսուն ուղարկուած դիմումին: Թրքական իշխանութիւնները յայտնած էին, որ պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանը տակաւին ողջ է ու անոր առողջական վիճակը պատրիարքական աթոռը թափուր համարելու պատճառ չեն կրնար նկատուիլ, հետեւաբար նոր պատրիարքի ընտրութեան համար անհրաժեշտ պայմաններ չկան եւ Արամ Արք. Աթէշեան կը շարունակէ մնալ պատրիարքական փոխանորդի պաշտօնին վրայ, իսկ տեղապահ Գարեգին Պեքճեանի ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր կայացուցած որոշումները անվաւեր կը նկատուին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment