Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ «ԱՄՆ Կողմէ Թուրքիոյ F-35 Վաճառելը Հայաստանի Համար Խնդիր է». Ալեքսանտր Խրամչիխին

«ԱՄՆ Կողմէ Թուրքիոյ F-35 Վաճառելը Հայաստանի Համար Խնդիր է». Ալեքսանտր Խրամչիխին

by MassisPost

Դժուար թէ այս տարի ԱՄՆ-ի կողմէ Թուրքիոյ F-35 կործանիչներու մատակարարման գործընթացը մեկնարկի: Այս մասին Tert.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է ռուսաստանցի ռազմական փորձագէտ Ալեքսանտր Խրամչիխինը՝ մեկնաբանելով այն կարծիքները, թէ «ԱՄՆ-Թուրքիա» լարուած յարաբերութիւններու արդիւնքով այս ինքնաթիռներու մատակարարման մասին պայմանագիրը կրնայ վերանայուիլ:

Ան նշած է, որ այս կործանիչները իրենց բնոյթով բաւական «բարդ են» եւ արագ չեն արտադրուիր:

«Թուրք-ամերիկեան լարուած յարաբերութիւններէն զատ այս տարի մատակարարում տեղի պիտի չունենայ, բայց, այո’, ներկայիս լարուածութեան սրացումը կրնայ դառնալ F-35-ի մատակարարումները ձգձգելու պատճառ»,- նշած է Ալեքսանդր Խրամչիխինը:

«Միանշանակ է, որ Հայաստանի համար F-35-ի մատակարարումը Թուրքիա խնդիր պիտի դառնայ: Բազում են պատճառները, թէ ինչպէս կրնայ այդ խնդիրը իրական կեանքի մէջ արտայայտուիլ: Պարզ է, որ միակ երաշխիքը՝ այս խնդրին հակազդելու, Հայաստանի համար Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններն են: Այլ տարբերակ Հայաստանը չունի»,- նշած է փորձագէտը:

Հարցին՝ Ռուսաստանը չէ անհանգստացա՞ծ արդեօք, որ Հայաստանի սահմաններուն, ուր կը գտնուի ռուսական 102-րդ ռազմակայանը, F-35 կը ձեռքբերուի, Ալ. Խրամչիխինը պատասխանած է. «Ամէն ինչ կախուած է «Ռուսաստան-Թուրքիա» յարաբերութիւններէն: Ռուսաստանի համար, իհարկէ, այն սպառնալիք է, գոնէ միայն անոր համար, որ Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի անդամ է, բայց հասկնալի է, որ այս երկու պետութիւններու յարաբերութիւնները բաւական իւրօրինակ են, եւ դժուար է ըսել, թէ ուր կ’երթան անոնք: Այն կախուած է Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակէն»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment