Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախագահի Թեկնածու Արմէն Սարգսեան Այցելեց ՍԴՀԿ Կեդրոն

Նախագահի Թեկնածու Արմէն Սարգսեան Այցելեց ՍԴՀԿ Կեդրոն

by MassisPost

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան կեդրոնական գրասենեակը այցելեց ՀՀԿ-ի կողմէ Հայաստանի նախագահի թեկնածու առաջադրուած Արմէն Սարգսեան ու  հանդիպում ունեցաւ   կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներուն եւ Հայաստանի կառոյցի վարչութեան հետ:

Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպման ժամանակ Հայաստանի Հնչակեան ղեկավարներուն Արմէն Սարգսեան ներկայացուց իր ծրագրերը, լսեց կարծիքներ եւ առաջարկներ  ներկաներուն կողմէ:

ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչու-թեան անդամ Նարեկ Գալստեան հանդիպումի մասին «Առաւօտ» թերթին  յայտնած է որ, Արմէն Սարգսեանին ուղղած են իրենց յուզող բազմաթիւ հարցեր ու ստացած` պատասխաններ:

Այն հարցին թէ ՍԴՀԿ պատրաստ է սատարելու Արմէն Սարգսեանի թեկնածութեան,   Գալստեան յայտնած է որ,  իրենց սատարել-չսատարելը խորհրդանշական պիտի ըլլայ, քանի որ խորհրդարանական կուսակցութիւն չեն, բայց եթէ Արմէն Սարգսեան որոշէ առաջադրուիլ, իրենց կարծիքը դրական է:

Ըստ Նարեկ Գալստեանին, Սահմանադրութեամբ նախագահին տրուած լիազօրութիւններու շրջանակը, ինչպէս նաեւ Արմէն Սարգսեանի կերպարն ու խարիզման կրնան նպաստներ բերել Հայաստանի յառաջընթացին:

Այն հարցին թէ արդեօ՞ք Արմէն Սարգսեան հրաժարի Սերժ Սարգսեանի առաջարկէն  եւ իր թեկնածութիւնը չառաջադրէ ՀՀ չորրորդ նախագահի պաշտօնին, Ընկ. Գալստեան ըսած է. «Ես չեմ կարող մեկնաբանել: Մենք ընդունում ենք ի գիտութիւն Արմէն Սարգսեանի ասածը. ինչպէս բոլորին, այնպէս էլ մեզ ասում է, որ հանդիպումներից յետոյ իր վերջնական որոշումը կը կայացնի եւ կը հրապարակի»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment