Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ալիեւ Կը Յայտարարէ Որ Երեւանը Եւ Հայաստանի Այլ Տարածքներ «Ատրպէյճանական Հողեր» Են

Ալիեւ Կը Յայտարարէ Որ Երեւանը Եւ Հայաստանի Այլ Տարածքներ «Ատրպէյճանական Հողեր» Են

by MassisPost

Հայաստան մեղադրեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին, Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման միջազգային ջանքերու խափանման մէջ, երբ ան կրկին յայտարարեց, որ Երեւանը եւ Հայաստանի այլ տարածքներ «պատմական ատրպէյճանական հողեր են»:

«Նոր Ատրպէյճան» կուսակցութեան նախընտրական համաժողովի ընթացքին Ալիեւը խոստացած է «ատրպէյճանցիներուն վերադարձնել» Երեւանը եւ Հայաստանի հարաւ-արեւելեան Սիւնիքի մարզը:

«Մենք պէտք չէ մոռանանք մեր պատմական հողերու մասին», – ըսած է ան: «Այդ պէտք է որոշէ մեր ապագայ գործունէութիւնը, եւ մենք արդէն կ’աշխատինք այդ ուղղութեամբ: Մեր պատմական հողերն են‘ Երեւանի խանութիւնը, Զանգեզուրը եւ Գէյչան»: «Այս մեր ռազմավարական նպատակն է եւ մենք պէտք է աստիճանաբար մօտենանք այդ նպատակին հասնելու համար», – յայտարարած է Ալիեւ:

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Ալիեւի այս խօսքերուն պատասխանելով յայտարարեց որ, «Հայաստանի նկատմամբ տարածքային պահանջները ցոյց կու տան Պաքուի իշխող ռեժիմի ռասիստական էութիւնը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment