Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԵԱՀԿ-ի Միջնորդները Կոչ Կ’ընեն Լարուածութեան Նուազեցման եւ Հրադադարի Պահպանման Համար

ԵԱՀԿ-ի Միջնորդները Կոչ Կ’ընեն Լարուածութեան Նուազեցման եւ Հրադադարի Պահպանման Համար

by MassisPost

Իկոր Պոպովը, Ստեֆան Վիսքոնթին եւ Էնտրիւ Շոֆերը ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասպրշիկի հետ միասին, Փետրուար 7-ին, Պաքուի մէջ հանդիպած են նախագահ Իլհամ Ալիեւի,  Փետրուար 9-ին Երեւան` ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, իսկ փետրուար 10-ին` ԱՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ: Անոնք նաեւ խորհրդակցութիւններ իրականացուցած են արտաքին գործոց նախարարներուն հետ:

«Համանախագահները տէ ֆաքթօ իշխանութիւններու հետ հանդիպելու նպատակով 9-11 նաեւ այցելած են Լեռնային Ղարաբաղ: Անոնք այցելած են Կովսական, Սանասար, Ակնա, Բերձոր եւ Քարվաճառ:

Համանախագահները ընդգծած են 2017 թուականի Հոկտեմբերին Ժընեւի, ինչպէս նաեւ նախորդ գագաթնաժողովներու, մասնաւորապէս` Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ, ընթացքին կողմերու ստանձնած բոլոր պարտաւորութիւններու բարեխղճօրէն կատարման կարեւորութիւնը»,- կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Միջնորդները խոր մտահոգութիւն յայտնած են սահմանագիծին վրայ վերջին զոհին համար եւ կոչ ըրած կողմերուն՝ լրացուցիչ քայլեր ձեռնարկելու լարուածութեան նուազեցման եւ հրադադարի պահպանման համար, ինչպէս համաձայնեցուած էր Ժընեւի մէջ:

Միջնորդները նաեւ կոչ ըրած են կողմերուն ձեռնպահ մնալու բորբոքային յայտարարութիւններէն եւ սադրիչ գործողութիւններէն: «Համանախագահները կրկին կը յայտարարեն Հելսինկեան ակտի հիմնական սկզբունքներու հիման վրայ` ներառեալ ուժի չկիրառումը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ազգերու ինքնորոշման հաւասար իրաւունքները, հակամարտութեան խաղաղ լուծում գտնելու համար կողմերուն օգնելու իրենց պատրաստակամութեան մասին: Համանախագահները ողջունած են կողմերու` անմիջական բանակցութիւնները շարունակելու մտադրութիւնը` հաշուի առնելով ներկայ ընտրական շրջանը»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment