Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արամ Արք. Աթէշեան Վերադարձաւ Պատրիարքական Փոխանորդի Պաշտօնին

Արամ Արք. Աթէշեան Վերադարձաւ Պատրիարքական Փոխանորդի Պաշտօնին

by MassisPost

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի Կրօնական Ժողովի որոշմամբ   Արամ Արք.  Աթէշեան վերադարձաւ   պատրիարքական փոխանորդի պաշտօնին:

Կրօնական Ժողովը  քննարկելէ ետք պատրիարքական ընտրութեան  վերաբերեալ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութենէն Փետրուար 5-ին ստացուած նամակը, որոշած է  առաջնորդուիլ իշխանութիւններու յայտնած դիրքորոշմամբ եւ  վերադառնալ 2016-ի Հոկտեմբեր 26-էն առաջ եղած վիճակին, երբ Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանը հանգստեան   կոչուած էր: Այսպիսով, Արամ Արք.  Աթէշեան պիտի շարունակէ մնալ պատրիարքական փոխանորդի պաշտօնին վրայ:

Կրօնական ժողովի կարծիքով, նոր պատրիարքի ընտրութիւնը տեղի կրնայ ունենալ համապատասխան պայմաններ ապահովելու պարագային:

Պատրիարքական տեղապահի պաշտօնին ընտրուած Գարեգին Արք.  Պեքճեան չէ մասնակցած Կրօնական Ժողովի նիստին:

Յիշեցնենք, որ ամիսներ տեւած լռութենէ ետք Իսթանպուլի  նահանգապետարանը Փետրուար 5-ին ի վերջոյ պատասխանած էր Պոլսոյ Հայոց նոր պատրիարքի ընտրութեան  վերաբերեալ Օգոստոս ամսուն ուղարկուած դիմումին: Թրքական իշխանութիւնները յայտնած էին, որ պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանը տակաւին ողջ է ու անոր առողջական վիճակը պատրիարքական աթոռը թափուր համարելու պատճառ չեն կրնար նկատուիլ, հետեւաբար նոր պատրիարքի ընտրութեան համար անհրաժեշտ պայմաններ չկան եւ Արամ Արք.  Աթէշեան կը շարունակէ մնալ պատրիարքական փոխանորդի պաշտօնին վրայ, իսկ տեղապահ Գարեգին Պեքճեանի ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր կայացուցած որոշումները անվաւեր կը նկատուին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment