Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ուաշինկթընի Մէջ Պիտի Կայանայ Հայ-Ամերիկեան Խորհուրդի Երկրորդ Նիստը

Ուաշինկթընի Մէջ Պիտի Կայանայ Հայ-Ամերիկեան Խորհուրդի Երկրորդ Նիստը

by MassisPost

Վարչապետ Կարէն Կարապետեանը երէկ ընդունած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետքարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով փոխտեղակալ Պրիճիթ Պրինքին:

Վարչապետը ողջունած է տիկին Պրինքի այցը Հայաստան եւ կարեւորած բարձրաստիճան պաշտօնական փոխայցերը՝ հայ-ամերիկեան գործընկերային յարաբերութիւններու օրակարգը քննարկելու եւ զարգացման հեռանկարները նախանշելու առումով: Կարէն Կարապետեանը արդիւնաւէտ գնահատած է երէկ կառավարութեան մէջ ԱՄՆ ՄԶԳ ներկայացուցիչներու հետ Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագիրներու վերաբերեալ կազմակերպուած շնորհանդէս-քննարկումը: Վարչապետ Կարապետեանը նշած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի շարունակէ բոլոր ոլորտներուն մէջ սկսած բարեփոխումները՝ յստակ պատկերացնելով երկրի տնտեսական զարգացման եւ առաջընթացի տեսլականը:

ԱՄՆ պետքարտուղարի փոխտեղակալը ողջունած է ՀՀ կառավարութեան նախաձեռնած բարեփոխումները՝ նշելով, որ այսօր գործարար համայնքի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ժամանակ արդէն իսկ շատ դրական արձագանգներ լսած է հարկային ու մաքսային վարչարարութեան ոլորտին մէջ կատարուող փոփոխութիւններու եւ առաջընթացի վերաբերեալ: Պրիճիթ Պրինքն ընդգծած է, որ ԱՄՆ-ն աշխոյժ կ’աշխատի հայաստանեան գործընկերներու հետ՝ համագործակցութեան օրակարգը ընդլայնելու եւ տնտեսական կապերը առաւել խորացնելու շուրջ:

Անդրադառնալով երկկողմ տնտեսական կապերու զարգացման հեռանկարներուն՝ զրուցակիցները կարեւորած են համատեղ հարթակներու՝ Առեւտուրի եւ ներդրումներու համաձայնագրի (TIFA) շրջածիրէն ներս ստեղծուած Հայ-ամերիկեան խորհուրդի եւ Հայ-ամերիկեան միջկառավարական յանձնաժողովի աշխոյժ աշխատանքը: Վարչապետը առաջարկած է դիտարկել շարք մը ոլորտներու մէջ (ՏՏ, գիւղատնտեսութիւն եւ այլն) պիզնես ծրագիրներու իրականացման հնարաւորութիւնները՝ գոհունակութիւն յայտնելով ուժանիւթի, տեղեկատուական եւ բարձր թեխնոլոկիաներու, զբօսաշրջութեան բնագաւառներուն մէջ ընթացիկ գործակցութենէն:

Երկուստեք կարեւորուած է այս տարուայ մարտին Ուաշինկթընի մէջ Հայ-ամերիկեան խորհուրդի երկրորդ նիստի անցկացումը: Պրիճիթ Պրինքն ընդգծած է, որ «հանդիպումէն կ’ակնկալենք յստակ գաղափարներ մեր տնտեսական գործընկերութիւնը առաջ մղելու ուղիներու վերաբերեալ»:

Գործարար միջավայրի բարելաւմանն ուղղուած քայլերու վերաբերեալ ՀՀ վարչապետը եւ ԱՄՆ պետքարտուղարի փոխտեղակալը միտքեր փոխանակած են դատաիրաւական ոլորտի, պետական կառավարման համակարգի բարեփոխումներու, կաշառակերութեան դէմ պայքարի ծիրէն ներս իրականացուող միջոցառումներու, երկկողմ տնտեսական գործակցութեան զարգացման հեռանկարներու շուրջ:

Զրուցակիցները վերահաստատած են արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը զարգացնելու եւ սերտացնելու պատրաստակամութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment