Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Բազմաթիւ Հայաստանցիներ կը Շարունակեն «Հայրենակիցներ» Ծրագրով Մեկնիլ Ռուսաստան

Բազմաթիւ Հայաստանցիներ կը Շարունակեն «Հայրենակիցներ» Ծրագրով Մեկնիլ Ռուսաստան

by MassisPost

Արդէն աւելի քան 10 տարի է՝ Երեւանի Մանուշեան-72 հասցէին վրայ գտնուող ՌԴ   փախստականներու ծառայութեան գրասենեակի մօտ ամէն օր առաւօտ կանուխէն մարդիկ կը հաւաքուին: Աւելի լաւ կեանք փնտռելու ակնկալիքով անոնք «Հայրենակիցներ» ծրագրի միջոցաւ կը փորձեն հեռանալ Հայաստանէն` չվախնալով անգամ Ռուսաստանի ամենահեռաւոր ու ցուրտ շրջաններուն մէջ ապրելու եւ աշխատելու հեռանկարէն:

Երէկ, սովորականի պէս մարդոց մեծ խումբ հաւաքուած էր նշուած հասցէի մօտ: Ոմանք պարզապէս հետաքրքրուելու համար եկած էին, ոմանք ալ՝ արդէն վերջնական պատասխան ստանալու: Քիչերը համաձայնած են տեսախցիկի առջեւ խօսիլ իրենց խնդիրներուն մասին, բայց գրեթէ բոլորը պնդած էին՝ լաւ կեանքէն չէ, որ կը դիմեն այդ ծրագրին: «Էստեղից հաստատ աւելի լաւ կը լինի», «ինձ ստեղ չորրորդ կարգի մարդ եմ զգում», «ապրելու հնարաւորութիւն չկայ», կ’ըսէին ծրագրի յաւակնորդները:

Ռուսաստանի   փախստականներու ծառայութեան՝ 2007-էն ի վեր գործող «Հայրենակիցներ» ծրագիրը կ’օգնէ ԱՊՀ երկիրներու քաղաքացիներուն՝ ընտանիքներով Ռուսաստան տեղափոխուելու հարցով: Կը վճարուի ճանապարհածախսը, կ’առաջարկուի աշխատանք, իրաւաբանական եւ առողջապահական ծառայութիւններէն օգտուելու հնարաւորութիւն, նախնական գումար, կացարան, ցանկութեան պարագային՝ նաեւ ՌԴ քաղաքացիութիւն:

Դիմողներու թիւը այնքան մեծ է, որ մինչեւ տարեվերջ գրասենեակը այլեւս նոր յայտեր չընդունիր, «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած էին յուսահատ քաղաքացիները․ «2018-ի դեկտեմբերից նոր պիտի ընդունեն», «ճահել են, ոչ մի գործ չկայ, որ աշխատում են՝ կոպէկ կոպէկ, չի հերիքում»: Մերժում ստացած մի քանի երիտասարդ ալ ըսած են՝ «պահանջները շատ բարձր են․ բարձրագոյն կրթութիւնից բացի նաեւ աշխատանքային փորձ են ուզում»:

Ռուսական լրատուամիջոցներէն կը տեղեկանանք, որ վերջին 10 տարիներու ընթացքին «Հայրենակիցներ» ծրագրի շրջանակէն ներս ԱՊՀ անդամ երկիրներէն գրեթէ 600 հազար մարդ մեկնած եւ բնակութիւն հաստատած է Ռուսաստան: Հայաստանէն մեկնողներուն թիւը այդ ցուցանիշի 7,2 տոկոսը կը կազմէ: 4 տարի առաջ՝ 2014 թուականին Ռուսաստանի   փախստականներու ծառայութեան պաշտօնական տուեալներով «Հայրենակիցներ» ծրագրի շրջանակէն ներս Հայաստանէն Ռուսաստան տեղափոխուած է ծրագրին դիմածներու ընդհանուր թիւի 6,4 տոկոսը (6 հազար 784 մարդ):

«Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ Հայաստանի կառավարութեան առընթեր  փախստականներու վարչութեան պետ Գագիկ Եգանեան ըսած է, թէ իր ղեկավարած կառոյցը այդ ծրագրի հետ առնչութիւն չունի: Եգանեանի խօսքով՝ ամէն երկիր իր շահերուն համապատասխան քաղաքականութիւն կ’իրականացնէ, ռուսական կողմն ալ իր հարցերը կը լուծէ:

Եգանեան կ’ընդունի՝ եթէ մեր երկրի մէջ լաւ պայմաններ ըլլային, մարդիկ չէին արտագաղթեր: Հարցին՝ իսկ ինչո՞ւ իշխանութիւնը այդ ուղղութեամբ քայլեր չի ձեռնարկեր, ան արձագանգած է՝ ժամանակ պէտք է: Հարցին ալ, թէ՝ ինչպէ՞ս կարելի է այս պայմաններուն մէջ 4 միլիոն բնակչութիւն ապահովել, Եգանեան պատասխանած է․ «Այդ կապակցութեամբ նաեւ կառավարութիւնը պէտք է համապատասխան գործողութիւնների ծրագիր մշակի, իհարկէ՝ դա դիւրին չի լինելու»:

Ազգագրագէտ Հրանուշ Խառատեանը վստահ է, որ երբ 2040 թուականին 4 միլիոն բնակչութիւն ապահովելու յաւակնութիւն ունեցող իշխանութիւնը անգամ յստակ ծրագիր չունի, թէ ինչի հաշւոյն պիտի աւելցնէ բնակչութեան թիւը, այն հանրութեան չի ալ կրնար ներկայացնել, թէ ինչպէս պէտք է բարենպաստ պայմաններ ստեղծէ արտագաղթը կանխելու համար: Ընկերային անարդարութեան մթնոլորտին մէջ այլ պատկեր, ըստ ազգագրագէտի, հնարաւոր չէ այսօր տեսնել:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment