Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մաքրոն կը Խոստանայ Օրացոյցին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օր Ամրագրել

Մաքրոն կը Խոստանայ Օրացոյցին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օր Ամրագրել

by MassisPost

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն խօստացած է օրացոյցին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր ամրագրել՝ վերահաստատելով ընտրարշաւի ժամանակ ստանձնած յանձնառութիւնը, կը հաղորդէ France-Presse լրատուական գործակալութիւնը:

Պետութեան ղեկավարը այդ յայտարարութիւնը ըրած է Երեքշաբթի օր Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի ամէնամեայ ընթրիքի ժամանակ, որուն պատուաւոր հիւրը եղած էր:

Մաքրոնը, «Les Nouvelles d’Armenie» հանդէսի փոխանցմամբ, շուրջ 30-վայրկեաննոց ելոյթ ունեցած է Փարիզի հիւրանոցներէն մէկուն մէջ կազմակերպուած հանդիսութեան, որու հրաւիրեալներու թիւին էին նաեւ Ֆրանսայի մայրաքաղաքի քաղաքապետ Անն Իտալկոն, Իլ-տը-Ֆրանս շրջանի նախագահ Վալերի Պեքրեսը, Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Քեփենեկեանը, ֆրանսահայ խորհրդարանականներ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը եւ հրէական համայնքի ներկայացուցիչներ:

garo paylan ccaf-2

«Պայքարը յանուն արդարութեան եւ ճանաչման մեր պայքարն է: Մենք այն կը մղենք յիշողութեամբ՝ սատարելով հանրապետական օրացոյցին մէջ ցեղասպանութեան յիշատակի համար օր ամրագրելը», – Մաքրոնի խօսքերէն մէջբերած է France-Presse-ը: Ֆրանսայի նախագահը յիշեցուցած է, որ այդ իր ընտրարշաւի յանձնառութիւններէն էր, եւ շեշտած է՝ յառաջիկայ ամիսներուն տուեալ հարցով որոշում ընդունելու կարեւորութիւնը:

 

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահներ Արա Թորանեանը եւ Մուրատ Փափազեանը, ըստ France-Presse-ի, Մաքրոնին կոչ ըրած են դատապարտել Թուրքիոյ, որ կը սպառնայ երկրի ազգային փոքրամասնութիւններուն, այդ շարքին՝ հայերուն, ինչպէս նաեւ խնդրած են այցելել Լեռնային Ղարաբաղ:

Ֆրանսայի նախագահը, սակայն, հայ համայնքին իր յարգանքը յայտնելով հանդերձ, պաշտպանած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ չէզոքութեան իր քաղաքականութիւնը, կը հաղորդէ France-Presse-ը:

Միաժամանակ, Էմանուէլ Մաքրոնը ջերմօրէն ողջունած է Կարօ Փայլանը եւ խոստացած է անոր իր աջակցութիւնը, շեշտելով, որ Ֆրանսան կը սատարէ «խիզախ ձայները»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment