Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գերմանիան Գիւմրիի Մէջ Հիւպատոսութիւն Բացաւ

Գերմանիան Գիւմրիի Մէջ Հիւպատոսութիւն Բացաւ

by MassisPost

Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մաթիաս Քիսլեր երէկ Գիւմրիի մէջ ներկայացուցած է նորանշանակ հիւպատոս Ալեքսան Տէր-Մինասեանը՝ անոր յանձնելով Գերմանիոյ դաշնային նախագահի եւ ԱԳ նախարարութեան հիւպատոսական արտօնագիրը:

Գերմանիոյ հիւպատոսը պիտի համակարգէ Շիրակի եւ Լոռիի մարզերը: Դեսպան Մաթիաս Քիսլերէն «Ազատութիւնը» հետաքրքրուած է, որ եթէ Հայաստանը չստորագրէր Եւրոմիութեան հետ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը, հնարաւո՞ր է, որ հիւպատոսարանը չբացուէր: «Ասոր հետ բացարձակ կապ չունի: Իմ գործունէութեան առաջին իսկ ամիսներէն արդէն պարզ էր, որ մենք այստեղ հիւպատոսի հիմնարկի հիմնադրման կարիք ունինք: Այն ժամանակ դեռ խօսք չկար Եւրոմիութեան հետ նոր համաձայնագրի մասին, ուստի՝ մէկը միւսի հետ կապ չունի»,- պատասխանած է դեսպանը:

Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիոթր Սվիթալսքին ալ յայտարարած է, որ յառաջիկային Հայաստանին տրամադրուելիք 176 միլիոն եւրոյի աջակցութեան մեծ մասը պիտի ներդրուի Շիրակի մարզի մէջ: Դեսպան Քիսլերին նաեւ հարց տրուած է, թէ արդեօ՞ք Եւրոմիութեան կողմէ իրականացուելիք յառաջիկայ ծրագրերով պայմանաւորուած է հիւպատոսական ծառայութեան բացումը:

«Ըստ էութեան՝ այո: Զարգացման քաղաքականութեան շրջածիրէն ներս Գերմանիոյ ու Եւրոմիութեան կողմէ իրականացուող նախագիծերը կը դրուին համընդհանուր քննարկման, եւ մենք իսկապէս այս տարածաշրջանի համար արդէն իսկ ունինք նախագիծեր: Անոնցմէ կրնամ առանձնացնել համայնքային զարգացման ուղղուած աջակցութիւնը»,- պատասխանած է Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանը:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստան-Եւրոմիութիւն համաձայնագրով Երեւանի ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման, Մաթիաս Քիսլերի կարծիքով, այդ ընթացքին դժուարութիւններ պիտի ծագին, որոնք առաւելապէս կապուած պիտի ըլլան եւրոպական չափանիշներու ներդրման հետ: «Ես կասկած չունիմ, որ 2 կողմերն ալ պիտի ստանձնեն համաձայնագրէն բխող պարտաւորութիւնները: Թերեւս այդ մէկը այնքան ալ հեշտ չըլլայ, երբ հաշուի առնենք եւրոպական չափանիշները, մասնաւորապէս, եւրոպական թեխնիքական չափանիշները, բայց սա գործընկերային համաձայնութիւն է, ու Եւրոմիութիւնը այս պարագային հանդէս կու գայ որպէս գործընկեր եւ ընկեր՝ որոշակի աջակցութիւն ցուցաբերելով Հայաստանին՝ այդ համաձայնագրի դրոյթները իրականացնելու հարցով»,- պարզաբանած է Մաթիաս Քիսլերը:

Գերմանիոյ կառավարութիւնը մտադիր է յառաջիկային Շիրակի ու Լոռիի շարք մը ներդրումային ծրագիրներ իրականացնել: «Անոնցմէ ամենխոշորը Կապսի ջրամբարի վերականգնման ծրագիրն է, որ ուղղուած է ոչ միայն ջրամբարի չափերու մեծացման, այլեւ այդ տարածաշրջանին մէջ ոռոգման համակարգը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելուն»,- ըսած է դեսպանը:

Ի դէպ նշենք, որ Գիւմրիի մէջ Գերմանիոյ հիւպատոսարանը Գերմանիա մեկնիլ ցանկացողներուն վիզա տրամադրելու իրաւասութիւն պիտի չունենայ:

Գերմանիան 4-րդ երկիրն է, որ այսուհետ Գիւմրիի մէջ հիւպատոս կ’ունենայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment