Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սարգիս Հացպանեանը Եռաբլուրի Մէջ Յուղարկաւորելու Նպատակով Ստորագրահաւաք

Սարգիս Հացպանեանը Եռաբլուրի Մէջ Յուղարկաւորելու Նպատակով Ստորագրահաւաք

by MassisPost

«Change.org» կայքին մէջ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարին ուղղուած առցանց ստորագրահաւաք մեկնարկած է՝ Սարգիս Հացպանեանը Եռաբլուրի մէջ յուղարկաւորելու պահանջով։

Ստորագրահաւաքին կից ներկայացուած պահանջագիրին մէջ մասնաւորպէս նշուած է.

«Հայ անուանի հասարակական գործիչ, Արցախեան ազատամարտի մասնակից Սարգիս Հացպանեանը մեծ ներդրում ունեցաւ մեր պետականութեան կայացման գործին մէջ՝ զէնքը ձեռքին մասնակցելով ազատամարտին, ապա իր հրապարակումներով ու ելոյթներով խօսելով հայրենի երկրին օգտակար ըլլալու  իր տեսլականի մասին:

Սարգիս Հացպանեանը անգնահատելի դեր ունեցաւ յատկապէս Արեւմտեան Հայաստանի հայերու ինքնութեան վերադարձի, քիւրտ եւ թուրք առաջադէմ գործիչներու կողմէ ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ աշխարհի տարբեր մասերուն մէջ հայամէտ նախաձեռնութիւններով հանդէս գալու գործին մէջ:

Մեր հայրենակիցը, ցաւօք, մահկանացուն կնքեց շատ երիտասարդ՝ 55 տարեկան հասակին՝ ծանր հիւանդութեան պատճառով:

Ներքո ստորագրեալներս կը դիմենք ՀՀ պաշտպանութեան նախարարին՝ խնդրելով թոյլ տալ Սարգիս Հացպանեանը արժանիօրէն յուղարկաւորել Եռաբլուր պանթէոնին մէջ՝ իր զինակից ընկերներու կողքին:

Սա կ’ըլլայ հայկական պետութեան գնահատանքը իր կեանքը հայրենիքին նուիրած գործիչին»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment