Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մարտ 1-ի Հարցը Ազգային Ժողովի Լիագումար Նիստին կը Քննարկուի

Մարտ 1-ի Հարցը Ազգային Ժողովի Լիագումար Նիստին կը Քննարկուի

by MassisPost

Մարտ 1-ի տասներորդ տարելիցին ընդառաջ ընդդիմադիր «Ելք» խմբակցութիւնը շրջանառութեան մէջ դրած է 2008 թուականի իրադարձութիւններու մասին Ազգային ժողովի յայտարարութեան նախագիծ, որ իրաւապահներու առջեւ պահանջ կը դնէ՝ սեղմ ժամկէտներու մէջ բացայայտել եւ խստագոյն պատասխանատուութեան կանչել Մարտ 1-ին եւ 2-ին տեղի ունեցած սպանութիւններու կազմակերպիչները եւ անմիջական կատարողները, խաղաղ ցուցարարներու դէմ ապօրինի ուժ կիրառողները, ինչպէս նաեւ վերանայիլ այս գործով դատապարտուած ընդդիմադիրներու մեղադրական վճիռները:

«Ընդդիմադիր գործիչների, աքթիւիսթների դէմ քաղաքական գործունէութեան համար քրէական հետապնդում իրականացնելու փորձը կիրառւում է մինչեւ օրս», – ըսուած է «Ելք»-ի յայտարարութեան մէջ, ընդգծելով նաեւ, որ պատշաճ քննութեան չեն արժանանար ընտրութիւններու արդիւնքները կեղծելու, ընտրողներու ազատ կամքի արտայայտման իրաւունքի ոտնահարումներու մասին ահազանգերը:

«Ելք» խմբակցութեան ղեկավար, Մարտի 1-ի գործով եօթ տարուայ ազատազրկման դատապարտուած Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով, այնպէս ըրած են, որ գլխադասային յանձնաժողովին մէջ նախագիծը քննարկուելէ ետք յայտարարութեան թեքսթը լիագումար նիստին պատգամաւորներու սեղանին ըլլայ տարելիցի օրերուն:

«Սա արուել է յատուկ, որպէսզի կանոնակարգով սահմանուած ժամկէտները պահպանուեն եւ կիրառուեն այնպէս, որ Մարտի 1-ի շրջանում մենք հնարաւորութիւն ունենանք հարցը լիագումար նիստում քննարկել», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ նշած է Փաշինեանը: – «Այսինքն՝ այսպէս, թէ այնպէս՝ Մարտի 1-ի հարցը Ազգային ժողովի լիագումար նիստում կը քննարկուի»:

Յայտարարութեան ընդունումը «Ելք» դաշինքը կը կարեւորէ՝  խաղաղ, առանց զէնքի, հաւաքներ իրականացնելու իրաւունքի արդիւնաւէտ եւ անվտանգ իրացման, հանրային համերաշխութեան վերականգնման համար:

Կ’առաջարկուի, որ Ազգային ժողովը դատապարտէ «քաղաքացիների նկատմամբ 2008 թուականին ոստիկանութեան կողմից բիրտ եւ ապօրինի ուժի գործադրումը, ընդդիմադիրների նկատմամբ շինծու քրէական գործերի յարուցումը»: Որպէս յայտարարութեան ընդունման հիմնաւորում «Ելք»-ը կը նշէ, որ 10 սպաննութիւններու կազմակերպիչները եւ անմիջական կատարողները մինչեւ օրս պատասխանատուութեան չեն կանչուած, զոհերու հարազատներուն, ինչպէս նաեւ ապօրինի ուժի գործադրման հետեւանքով մարմնական վնասուածքներ ստացածներուն արդարացի փոխհատուցում չէ տրուած:

Այս մասով, ըստ նախագիծի, խորհրդարանը պէտք է պարտաւորուի յառաջիկային օրէնսդրական փաթեթ մշակել՝ ապահովելու համար արժանապատիւ փոխհատուցումները:

Իշխող Հանրապետականը առայժմ չէ մեկնաբանած երէկ շրջանառութեան մէջ դրուած փաստաթուղթը: Նախորդ գումարման խորհրդարանը մերժած է Հայ ազգային քոնկրէսի նախաձեռնութիւնները, որ կը նախատեսէր 2008-ի իրադարձութիւնները ուսումնասիրող յանձնաժողով ստեղծել, զոհերու ընտանիքներուն փոխհատուցում տրամադրել: Նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի օրօք ալ Կառավարութիւնը մերժած էր ՝ Մարտի 1-ը յիշատակի օր ճանչնալու ՀԱԿ-ի առաջարկը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment