Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Անօդաչու Թռչող Սարքերու Դէմ Համարժէք Քայլեր Իրականացուած են. Արցախի Պաշտպանութեան Նախարար

Անօդաչու Թռչող Սարքերու Դէմ Համարժէք Քայլեր Իրականացուած են. Արցախի Պաշտպանութեան Նախարար

by MassisPost

Հակառակորդը պարբերաբար սահմանին անօդաչու թռչող սարքեր կը կիրառէ, որու դէմ համարժէք քայլեր կ’իրականացնենք: «Արցախբրէս»-ի թղթակիցի հաղորդմամբ՝ այս մասին երէկ՝ 24 յունուարին կայացած մամլոյ ասուլիսին ըսած է ԱՀ պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանը: Նախարարի տեղեկացմամբ՝ ներկայիս անվտանգութեան ապահովման հարցերու գերակշիռ մասը կը վերաբերի անօդաչու թռչող սարքերէն ՊԲ անձնակազմի պաշտպանութեան:

«Տարբեր միջոցներով այդ ուղղութեամբ քայլեր ենք ձեռնարկում»,- նշած է Լ. Մնացականեանը եւ աւելցուցած, որ բանակի մէջ այս առումով թեխնոլոկիական լուրջ համալրումներ կը կատարուին, որոնք էական նշանակութիւն պիտի ունենան հակառակորդին հակազդելու համար:

Ամփոփելով տարին, բանակի հրամանատարը նշած է, որ պաշտպանութեան բանակը յաջողած է պահպանել խաղաղութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը, վստահեցնելով, որ ՊԲ-ն ի զօրու է կանխել հակառակորդի ցանկացած ոտնձգութիւն եւ պատուով կատարել իր առջեւ դրուած մարտական խնդիրը:

Հանդիպման աւարտին բանակի հրամանատարը պատասխանած է լրագրողներուն հետաքրքրող բազմաբնոյթ հարցերուն, որոնք հիմնական կը վերաբերէին մօտ ապագային պատերազմի վերսկսման հաւանականութեան, բանակի նիւթաթեխնիքական ապահովման, զինծառայողներու ընկերային-կենցաղային պայմաններու բարելաւման, «Պատիւ ունիմ» եւ «Ես եմ» ծրագիրներու ներդրմանը եւ այլն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment