Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կարօ Փայլանի Թեկնածութիւնը Առաջադրուած է Խաղաղութեան Նոպէլեան Մրցանակի

Կարօ Փայլանի Թեկնածութիւնը Առաջադրուած է Խաղաղութեան Նոպէլեան Մրցանակի

by MassisPost

«Համշէնուհի» համշէնահայերու կանանց միջազգային միութեան անդամները դիմած են Նոպէլեան յանձնաժողովին՝ Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակը Թուրքիոյ մեճլիսի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանին յանձնելու առաջարկով: Այս մասին ըսուած է միութեան ղեկավար Սաիտա Օհանեանի յայտարարութեան մէջ:

«Այս տարի մեր կազմակերպութիւնը դիմած է Նոպէլեան կոմիտէ Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակ շնորհելու առաջարկով՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր  քրտամէտ «Ժողովուրդներու Դեմոկրատական կուսակցութեան» կողմէ ընտրուած Կարօ Փայլանին, որ ամբողջ կեանքը նուիրած է հայ եւ միւս բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին՝ տարածաշրջանին մէջ:

Այսօր ան այն քչերէն է, որ պատասխանատուութիւն վերցուցած է պաշտպանելու մարդասիրական իրաւունքները՝ բնիկներուն, ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւններուն»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ: Ան նշած է, որ  Փայլանի կողմէ ցանուած խաղաղութեան սերմերը՝ տարբեր ազգութիւններու ու դաւանանքներու պատկանող մարդոց միջեւ հանդուրժողականութեան ու փոխըմբռնման վերաբերեալ, դրական արդիւնքներ կու տան Թուրքիոյ Հանրապետութեան հանրութեան մէջ: «Եւ այդ ամէնը հակառակ այն իրական ճնշումներուն ու սպառնալիքներուն, որոնց կ’ենթարկուի ան իշխանութիւններուն ենթակայ ազգայնամոլական ու ծայրայեղական ուժերու կողմէ: Վերջիններս կը պահանջեն անկէ դադրեցնել մարդասիրական ու քաղաքական աշխոյժ գործունէութիւնը»,- նշած է Օհանեանը:

Ան դիմած է բոլոր մարդոց, կանանց իրաւունքներու, ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան բոլոր կազմակերպութիւններուն ու միութիւններուն՝ միանալ նախաձեռնութեան եւ ձայն տալ Կարօ Փայլանին: Բացի այդ, ան յորդորած է ինքնուրոյն կերպով դիմել Նոպէլեան կոմիտէ՝ 2018-ի  Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակի արժանացնելու Կարօ Փայլանը, որպէս ժամանակաշրջանի մեծ մարդասէր եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան:

Յայտը ներկայացնելու վերջնաժամկէտը Յունուար 30, 2018-ն է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment