Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան-ԵՄ Համաձայնագրի Մէկ Մասը Կրնայ Նախապէս Կիրարկուիլ

Հայաստան-ԵՄ Համաձայնագրի Մէկ Մասը Կրնայ Նախապէս Կիրարկուիլ

by MassisPost

Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան պատուիրակութեան ղեկավար Փիոթր Սվիթալսքին «Ազատութեան» հարցին ի պատասխան, երէկ ըսած է, որ Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ ստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի մէկ մասը կրնայ  կեանքի կոչուիլ արդէն գարնան:

Դեսպանը ընդգծած է, որ խօսքը նախնական կիրարկման մասին է․ – «Ինչպէս գիտէք, Եւրոմիութիւնը լաւ սկսած է [վաւերացման գործըթնացը]: Էսթոնիան, որուն նախագահութիւնը աւարտեցաւ Եւրոմիութեան մէջ, առաջինն է, որ վաւերացուցած է [Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան] համաձայնագիրը: Կը կարծեմ, որ սա շատ յստակ ազդանշան է բոլոր գործընկերներուն: Վաւերացման գործընթացը հիմնուած է օրէնսդրութեամբ սահմանուած ընթացակարգերու վրայ, որոնք տարբեր են Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու մէջ: Երբեմն վաւերացումը պարզ է, երբեմն՝ բարդ, մասնաւորապէս դաշնային պետութիւններուն մէջ, ուր միջազգային իւրաքանչիւր պայմանագիր կ’անցնի բարդ ընթացակարգով: Սակայն մենք լաւատէս ենք»:

Սվիթալսքին ընդգծած է, որ համաձայնագիրը նաեւ թոյլ կու տայ շատ դրոյթներ կեանքի կոչել մինչեւ Եւրոմիութեան բոլոր երկիրներու կողմէն փաստաթուղթի վաւերացումը․ – «Եւրոմիութեան տեսանկիւնէն ամենակարեւորը այն է, որ համաձայնագիրը կրնայ նախապէս կիրարկուիլ այս տարի, յուսամ՝ այս տարուայ գարնան: Սա կը պահանջէ, որ համաձայնագիրը վաւերացնէ Հայաստանը: Համաձայնագրի շատ հատուածներ կրնան կեանքի կոչուիլ առանց փաստաթուղթի ամբողջական վաւերացման: Մենք կ’ակնկալենք, որ համաձայնագրի նախնական կիրարկումը շուտով կը սկսի: Չենք կրնար ենթադրել, թէ համաձայնագրի նախնական կիրարկումը ճիշդ ո՞ր օրը կը սկսի, սակայն հիմք ընդունելով հանրութեան յայտնի ազդանշանները՝ կը կարծեմ, որ պէտք է լաւատես ըլլանք՝ համաձայնագրի նախնական կիրարկման մասով»:

Հայաստանի ու Եւրոպական միութեան միջեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը ստորագրուած է անցած տարուայ 24 նոյեմբերին, Պրիւքսէլի մէջ՝ Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովի շրջանակներուն, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանի ու Եւրոմիութեան միասնական արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինիի կողմէ` Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսքի ներկայութեամբ։

Համաձայնագիրը ուժի մէջ մտնելու համար անհրաժեշտ է, որ այն վաւերացնեն Հայաստանն ու Եւրոմիութեան բոլոր 28 անդամ երկիրները:

Վեց օր առաջ յայտնի դարձաւ, որ Էսթոնիան վաւերացուցած է համաձայնագիրը՝ այդպիսով դառնալով Եւրոմիութեան 28 անդամ պետութիւններէն առաջինը, որ իր համաձայնութիւնը տուած է փաստաթուղթին:

Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Աշոտեանը օրերս «Ազատութեան» տեղեկացուցած էր, որ Հայաստանի խորհրդարանը, ամենայն հաւանականութեամբ, մինչեւ մարտի վերջը կը վաւերացնէ Եւրոմիութեան հետ ստորագրած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը:

Անցած տարեվերջին Կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած էր փաստաթուղթին: Յառաջիկային, երբ Սահմանադրական դատարանը եւս դրական եզրակացութիւն տայ, այն որպէս օրէնքի նախագիծ կ’ուղարկուի Ազգային ժողով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment