Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Խորհրդարանը Մարտ 2-ին Պիտի Ընտրէ Հայաստանի 4-րդ Նախագահը

Խորհրդարանը Մարտ 2-ին Պիտի Ընտրէ Հայաստանի 4-րդ Նախագահը

by MassisPost

Ամենայն հաւանականութեամբ Մարտ 2-ին խորհրդարանը պիտի ընտրէ Հայաստանի 4-րդ նախագահը: Այս մասին «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ տեղեկացուցած է իշխող Հանրապետական խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեանը։

Վերջինիս փոխանցմամբ, հաշուի առնելով սահմանադրական ժամկէտները, համաձայն որուն, նոր նախագահի ընտրութիւնը պիտի իրականացուի գործող նախագահի լիազօրութիւններու աւարտէն ոչ շուտ՝ քան քառասուն, եւ ոչ ուշ, քան երեսուն օր առաջ, ապա նպատակայարմար գտած են նախագահի ընտրութիւնը Մարտ 2-ին իրականացնել: Մինչ այդ հանրապետականները պէտք է առաջադրեն նախագահի իրենց թեկնածուն:

Ինչպէս «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ նշած է Հանրապետականի (ՀՀԿ) խօսնակ Էտուարտ Շարմազանովը, Հայաստանի 4-րդ նախագահի թեկնածուի հարցը Հանրապետականը պիտի քննարկէ այս հինգշաբթի կայանալիք Գործադիր մարմնի նիստին։ Սակայն, ըստ ՀՀԿ խօսնակին, այդ մէկը չի նշանակեր, որ վաղը կայանալիք նիստին  վերջնական որոշում պիտի ունենան:

Ի դէպ, փոփոխուած Սահմանադրութեան համաձայն, նախագահի թեկնածու կրնայ ըլլալ քառասուն տարին լրացած, վերջին վեց տարին միայն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի հանդիսացող, վերջին վեց տարուան ընթացքին մշտապէս Հայաստանի մէջ բնակող, ընտրական իրաւունք ունեցող եւ հայերէնին տիրապետող իւրաքանչիւր ոք:

Նախագահը կ’ընտրուի եօթ տարի ժամկէտով՝ խորհրդարանի կողմէ, պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներու երեք քառորդով, այսինքն՝ 105-էն առնուազն 79-ը կողմ պէտք է քուէարկէ։

Առայժմ Հանրապետականները չեն բարձրաձայնած, թէ ով պիտի ըլլայ նախագահի իրենց թեկնածուն: Փոխարէնը երէկ մտաւորականներու հետ հանդիպման ժամանակ նախագահ Սերժ Սարգսեան խօսած է նախագահի թեկնածուի չափանիշներուն մասին: Մասնաւորապէս, ըստ անոր, Հայաստանի 4-րդ նախագահը պէտք է ճանաչում ունենայ երկրէն ներս եւ երկրէն դուրս, տիրապետէ օտար լեզուներու, ունենայ լայն կապեր թէ՛ սփիւռքի մէջ, թէ՛ Հայաստանի մէջ, հեղինակութիւն ունենայ եւ, որ ամենակարեւորն է, անկողմնակալ մարդ ըլլայ, որ երբեք քաղաքականութեամբ չէ զբաղուած եւ կուսակցութեան անդամ չէ եղած:

Իշխող Հանրապետականի փոխնախագահ Գալուստ Սահակեանը ըսած է, թէ իհարկէ իրենց մտքին մէջ ունին թեկնածուի անուն, բայց այդ մասին պիտի խօսին աւելի ուշ:

Թուարկելով Սերժ Սարգսեանի կողմէն ներկայացուած չափանիշները, Գալուստ Սահակեանը եւս մէկ չափանիշ աւելցուցած է՝ նախագահի թեկնածուն նաեւ պէտք է ըլլայ այնպիսի մարդ, որուն ժողովուրդի մեծ մասը կ’ընդունի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment