Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ինչպէ՞ս Կը Մղեն Արտագաղթի

Ինչպէ՞ս Կը Մղեն Արտագաղթի

by MassisPost

Վերջին օրերուն դարձեալ ահազանգեր կը հնչեն, որ Հայաստանէն հեռանալու նոր ալիք կը սպասուի, նկատի առնելով որ  տարեմուտէն սկսեալ երկրէն ներս սպառողական ապրանքներու գիներու զգալի աճ կ’արձանագրուի,  նոյն  ատեն եկամուտներու  վրայ դրուած հարկերու բարձրացումը դարձած է ի զօրու, այսպիսով  աքցանի մէջ  առնելով Հայաստանի ժողովուրդի գրեթէ  բոլոր խաւերը, որոնք առանց այդ ալ տնտեսապէս կը գտնուին ոչ նախանձելի վիճակի մէջ:

Գնաճը արդիւնք  է այն մենաշնորհներուն ու արտօնութիւններուն`  տրուած  փոքրաթիւ խումբ մը մարդոց, որոնք կը տնօրինեն Հայաստանի տնտեսութեան  մեծ մասը ու կը  շարունակեն  կողոպտել  ժողովուրդի ճակտի քրտինքով վաստակած գումարները: Իսկ, հարկերը կը բարձրանան կառավարութեան որոշումով` պետական դատարկ գանձը լեցնելու պարտաւորութենէն մեկնելով: Երկու պարագային ալ մեղաւորները  նոյն իշխանութեան ներկայացուցիչներն են, որոնք այս կամ այն պատճառաւ,  առ այսօր ձախողած են  կայուն եւ հեռանկարային տնտեսական քաղաքականութիւն վարելով  բարելաւելու ժողովուրդի կենսամակարդակը:

Այլ երկիրներու մէջ նման պարագաներուն  առջեւ մարդիկ  ըմբոստանալով փողոց դուրս կու գայ, իսկ  կառավարութիւններ կը դիմեն  կտրուկ քայլերու` մեղմելու համար յառաջացած դժգոհութիւնները:  Այս  երեւոյթները  վերջերս պարզուեցան Իրանի եւ Թունուզի մէջ, ուր տեղի ունեցան բողոքի բուռն ցոյցեր, եղան բախումներ ու արձանագրուեցան զոհեր:

Բնականաբար ցանկալի չէ որ հարցը  հասնի զոհեր տալու, սակայն շատերուն կը զարմացնէ, որ Հայաստանի ժողովուրդը դժգոհելով հանդերձ, մինչեւ օրս փողոց դուրս եկած չէ, ինչպէս որ կ’ընէր տարիներ առաջ` իշխանութիւններուն պարտադրելով զիջումներ ու հասնելով որոշ յաջողութիւններու: Այս կացութիւնը կը բացատրուի այն բանով, որ ժողովուրդը այլեւս յոգնած է ու մատնուած յուսալքութեան: Իսկ աւելի մտահոգիչը այն է, երբ կ’ըսուի թէ, անոնք գտած են  բողոքելու այլ  միջոց` հեռանալ  երկրէն ու իրենց ընտանիքի ապագան փնտռել այլուր:

Ահաւասիկ, այսպէս է որ Հայաստանի  իշխանութիւնները   ժողովուրդը կը մղեն արտագաղթի` երկիրը հասցնելով աղետի եզրին: Իսկ մենք  պարտաւոր ենք ահազանգ հնչեցնել ու անդադար գրել այս մասին:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment