Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լաւրովի Կարծիքով ԼՂ Խնդիրը Մէկ Փաստաթուղթով Լուծել Հնարաւոր Չէ, Անհրաժեշտ Է Փուլային Մօտեցում

Լաւրովի Կարծիքով ԼՂ Խնդիրը Մէկ Փաստաթուղթով Լուծել Հնարաւոր Չէ, Անհրաժեշտ Է Փուլային Մօտեցում

by MassisPost

Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով յայտարարած է որ, Ղարաբաղեան խնդիրը մէկ փաստաթուղթով հնարաւոր չէ կարգաւորել: Այս մասին ան խօսած է տարեկան ամփոփիչ իր ասուլիսին ժամանակ:

Արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է, որ վերջին տարիներուն ձեռնարկուած են մեծ ջանքեր` ամփոփելով հակամարտող կողմերու բոլոր դիրքորոշումները եւ փորձելով անոնցմէ առանձնացնել ԼՂ խնդիրի կարգաւորման այս կամ այն հատուածին վերաբերեալ համընկնող մօտեցումները: ՌԴ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը փաստած է, որ միեւնոյն ժամանակ իրենք փորձած են յուշել այն փոխզիջումները, որոնք կողմերը կրնան յանգեցնել ընդհանուր յայտարարի այն հարցերուն մէջ, ուր դեռ տարաձայնութիւններ կան:

«Ռուսիոյ Դաշնութիւնը չի կրնար յստակ ծրագիրներ ունենալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման համար, քանի որ խնդիրը պէտք է լուծեն հակամարտող կողմերը: Իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Ռուսիան՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի հետ ամէն բան կ՝ընէ կարգաւորման համար անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծելու նպատակով»,- ըսած է Լաւրով:

«Այս հիմնախնդիրը մէկ փաստաթուղթի մէջ մէկընդմիշտ հնարաւոր չէ լուծել: Անհրաժեշտ է փուլային մօտեցում, որ պիտի արտացոլէ համաձայնութիւնը այն մասին, ինչ հնարաւոր է հիմա եւ պիտի յստակացնէ աշխատանքի ուղիները այն հարցերուն շուրջ, որոնք կարիք ունին յաւելեալ քննարկումներու` յանուն վերջնական կարգաւորման, որ պիտի ներառէ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին հարցը»,- յայտարարած Ռուստաստանի  արտաքին գործոց նախարարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment