Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Եթէ Բազմահազար Մարդիկ Դուրս չի գան, Ուրեմն Թանկացումներու Հետ Խնդիր Չունին». Փաշինեան

«Եթէ Բազմահազար Մարդիկ Դուրս չի գան, Ուրեմն Թանկացումներու Հետ Խնդիր Չունին». Փաշինեան

by MassisPost

Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի գնահատմամբ, Չորեքշաբթի օր կառավարութեան ներկայացուցիչներու հետ Սերժ Սարգսեանի հրաւիրած խորհրդակցութիւնը ընդամէնը հակակշիռ էր «Ելք»-ի՝ թանկացումներու դէմ երթ ընելու յայտարարութեան։

Ընդդիմադիր գործիչը «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ նշած է, որ Սերժ Սարգսեանը կը փորձէր ցոյց տալ, որ իշխանութիւնն ալ մտահոգուած է թանկացումներով եւ ինչ որ բան կ’ընէ։ «Մինչդեռ իշխանութիւնը մինչեւ մեր յայտարարութիւնն, ասում էր, որ գնաճը տրամաբանութեան սահմանում է», – ըսած է Փաշինեան։

Յիշեցնենք, որ խորհրդակցութեան ժամանակ, նախագահ Սերժ Սարգսեանը Կառավարութեան յանձնարարած է առաջարկել գնաճի հետեւանքներու մեղմման տարբերակներ այն կարեւոր ապրանքներու համար, որոնք հարկային կամ այլ օրէնսդրական փոփոխութիւններու հետեւանքով թանկացած են:

Այն դիտարկման, որ ընկերային ցանցերու մէջ կարծիքներ հնչած են, թէ թանկացնողներու դէմ պայքարելու փոխարէն, «Ելք»-ը թանկացումներու դէմ կը պայքարի, Փաշինեան այսպէս արձագանգած է. – «Ընդհանրապէս մենք թանկացումների դէմ պայքարում ենք Յունուարի 19-ին յայտարարուած ցոյցի շրջանակներում, իսկ թանկացնողների դէմ ես ինքս 25 տարի եմ պայքարում։ Ես կ’ուզեմ այդ գրողը գայ, մի հատ մեր սթաժները՝ էդ պայքարողների, համեմատենք եւ տեսնենք՝ ով, ում դէմ է պայքարում»։

Ընկերային ցանցերուն մէջ Փաշինեանին կը յիշեցնեն նաեւ փողոցային պայքարի մասին իր՝ «զբօսանք Երեւանում», «մարդկանց պարտութեան չեմ տանի» խօսքերը։ Արձագանգելով այս դիտարկումներուն, ընդդիմադիր գործիչը վերահաստատած է իր դիրքորոշումը, նշելով. – «Մենք ի՞նչ ենք ասել, մենք ասել ենք՝ ամէն անգամ, երբ որ մենք մարդկանց հրաւիրենք փողոց, ամէն քաղաքացի պէտք է շատ յստակ իմանայ, թէ ինչի՞ համար է քայլելու, ինչի՞ համար է դուրս գալիս փողոց, ի՞նչ միջոցով է լուծելու իր խնդիրը եւ ո՞րն է իր ունեցած վերջնակէտը։ Ենթադրենք, կարող է առաջին երթին մասնակցի X թիւ, բայց մենք մթնոլորտից տեսնենք, որ հնարաւոր է այս գործընթացը շարունակելով այդ թիւն աճեցնել։ Ենթադրենք, այդ թիւն աճեցրինք եւ հասցրինք մի հատ քրիթիքական զանգուածի, ի՞նչ ենք մենք անելու, մեզ ասում են՝ «նախագահակա՞ն էք գնալու, թէ՞՝ կառավարութիւն», ո՛չ նախագահական, ո՛չ կառավարութիւն, գնալու ենք Ազգային ժողով, ժողովրդի անունից գնալու ենք եւ խորհրդարանական խմբակցութիւններին հրաւիրելու ենք եւ նրանց առաջարկելու ենք, որ իրար հետ ստորագրենք թուղթ, որ մենք այս Հարկային օրէնսգրքում շատ հրատապ փոփոխութիւններ կանենք։ Հիմա արդեօ՞ք այս մեթոտը կարող է գործել, ես միանշանակ համոզուած եմ, որովհետեւ, եթէ բազմահազար մարդիկ դուրս գան փողոց, մենք մեր վրայ կը վերցնենք պատասխանատուութիւնը՝ քրիթիքական զանգուածի պահանջը դարձնել Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնք։ Եթէ դա տեղի չունենայ, նշանակում է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները խնդիր չունեն թանկացումների հետ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment