Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանի մէջ Կրակած են Ուսուցիչին Վրայ Դպրոցէն Ներս «Խաղաղութեան» Կոչեր Հնչեցնելու Պատճառով

Ատրպէյճանի մէջ Կրակած են Ուսուցիչին Վրայ Դպրոցէն Ներս «Խաղաղութեան» Կոչեր Հնչեցնելու Պատճառով

by MassisPost

Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի թիւ 220 դպրոց մտնելով, խումբ մը երիտասարդներ կրակած են դպրոցի անգլերէնի ուսուցիչ Ռոշան Ազիզովի վրայ, որ հանդէս եկած է Հայաստանի հետ «խաղաղութիւն» հաստատելու կոչերով: Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրես»-ը, կը յայտնէ «eurasianet.org»-ը:

Ռոշան Ազիզովը պնդած է, որ դպրոց ներխուժած երիտասարդները կրակելէ բացի նաեւ նուաստացուցած են իրեն:

«Անոնք ինձ ստորացուցին իմ աշակերտներուս առջեւ: Ինձ հայ լրտես անուանեցին: Անոնց կարծիքով, ես Ատրպէյճան  եկած եմ հայերու հրամանով Ատրպէյճանը քանդելու համար: Ես այդ ամէնով ցանկացած եմ ցոյց տալ միայն, որ խաղաղութիւնը եւ բախումը առանց իրար սպաննելու լուծելն ալ հնարաւոր է»,- նշած է Ռոշան Ազիզով:

Դէպքը տեղի ունեցած է Դեկտեմբեր 28, 2017-ին: Ռոշան Ազիզովի վրայ կրակելու դէպքին արձագանգելով Պաքուի թիւ 220 դպրոցի տնօրինութիւնը նշած է, որ այն ուսուցիչի հայամէտ յայտարարութիւններուն համար չէ կատարուած, այլ եղած է դասաւանդման դասական մեթոտներէն շեղելու պատճառով:

Միջադէպէն ետք ալ Ռոշան Ազիզով կը շարունակէ ընկերային ցանցերու մէջ գրառումներ կատարել եւ «խաղաղութեան» կոչեր ընել:

Ռոշան Ազիզովը նաեւ տեսանիւթ հրապարակած է, ուր անոր աշակերտները կը բեմադրեն հայերու եւ ատրպէյճանցիներու բախումը:

Ռոշան Ազիզովի պնդումներն այն մասին, որ իր վրայ կրակած են հայամէտ յայտարարութիւններ ընելու համար, իրականութեան չեն համապատասխաներ: Անոր կողմէ հրապարակուած տեսանիւթը այդքան ալ չարտացոլեր Ռոշան Ազիզովի յայտարարութիւնը, քանի որ տեսանիւթին մէջ կը հնչեն նաեւ խիստ թշնամական կոչեր, որոնք ոչ թէ խաղաղութեան, այլ պատերազմի կոչեր են:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment