Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Բանակը Կովկասի եւ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Ամենաուժեղը կը Համարուի

Հայաստանի Բանակը Կովկասի եւ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Ամենաուժեղը կը Համարուի

by MassisPost

Հայաստանը կը ձգտի ձեռք բերել Սու-30 ՍՄ կործանիչներ: Նման ենթադրութիւն ըրած է  «The Central Asia-Caucasus Institute»-ի յօդուածագիր Էտուարտ Աբրահամեանը՝ անդրադառնալով ՌԴ-ի կողմէ ՀՀ-ին տրամադրուած ռազմական 100 միլիոն տոլար վարկին, ինչպէս նաեւ ԱԺ պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Կորիւն Նահապետեանի՝ պետական պիւտճէի նախագիծի շուրջ խորհրդարանական լսումներուն ժամանակ յառաջիկային ակնկալուող սարքաւորումներու ձեռքբերման առաջնահերթութիւններու վերաբերեալ ըրած յայտարարութիւններուն:

Հեղինակը յիշեցուցած է,  որ այս մարտական ինքնաթիռներու ձեռքբերման մասին առաջարկած էր պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանը, բայց այդ հարցը սառեցուած էր 2016 թուականի ապրիլեան դէպքերու պատճառով։ Մարտական ուղղաթիռներու ձեռքբերումը, այնուամենայնիւ, յառաջիկայ տարիներուն աւելի իրատեսական է՝ հաշուի առնելով, որ Սու-30ՍՄ ինքնաթիռներու գործառնական նպատակայարմարութիւնը կասկածելի է Հայաստանի երկնքին մէջ:

«Հայաստանն աշխատում է հնացած սարքաւորումներից իր կախուածութիւնը վերացնելու ուղղութեամբ: Ռազմաթեխնիկայի համար տրամադրուող վարկերը թոյլ կտան Հայաստանին վերափոխել հնացած սարքաւորումները, եւ հետեւաբար՝ դրանք Հայաստանի պաշտպանութեան քաղաքականութեան առաջնահերթութիւն են համարւում: Ռուսաստանի նոր վարկը նախատեսուած է, որպէսզի Երեւանին թոյլ տրուի շարունակել 2011 թուականից ի վեր իրականացուող ռազմական թեխնիկայի հետեւողական գնումները՝ փորձելով թոյլ չտալ Ատրպէյճանին ռազմաթեխնիկական գերակայութիւն հաստատել: Պաքուն եւ Երեւանը ձգտում են դրամագլուխ  դարձնել հակառակորդի ցանկացած մարտավարական խոցելիութիւն, որը կարող է շահագործուել ապագայ առճակատման ժամանակ։ Հայաստանի ԶՈւ-ի վերաբերեալ ընդհանուր գնահատականը դրական է, շատ փորձագէտների կարծիքով, այն Կովկասում եւ, հնարաւոր է, նաեւ ՀԱՊԿ-ում ամենաուժեղն է։ Հայկական զինուած ուժերը բարոյական բարձր մակարդակ եւ արհեստավարժութիւն  են դրսեւորում»,-նշուած է  յօդուածին մէջ:

Յօդուածագիրը նաեւ կը գրէ, որ 2016-ի քառօրեայ պատերազմէն դասեր քաղելէ ետք, Հայաստանի իշխանութիւններուն համար հրամայական է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղակայուած զօրքերու ամրապնդման հարցը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment