Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «ԼՂ Խնդիրը Պէտք է Կարգաւորուի Ատրպէյճանի Տարածքային Ամբողջականութեան Սկզբունքի Շրջանակներուն Մէջ». Ալիեւ

«ԼՂ Խնդիրը Պէտք է Կարգաւորուի Ատրպէյճանի Տարածքային Ամբողջականութեան Սկզբունքի Շրջանակներուն Մէջ». Ալիեւ

by MassisPost

Պաշտօնական Պաքուն կրկին պնդած է, որ «Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի շրջանակներէն ներս»։ Այս մասին, մասնաւորապէս, յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։

«Ատրպէյճանի արդարացի դիրքորոշումը այդ հակամարտութեան կարգաւորման հարցով հիմնուած է միջազգային իրաւունքի վրայ։ Միջազգային հանրութիւնը Լեռնային Ղարաբաղը  կը ճանչնայ որպէս Ատրպէյճանի անքակտելի մաս», – համոզմունք յայտնած է Իլհամ Ալիեւը, ելոյթ ունենալով նախարարներու գրասենեակի՝ 2017 թուականի երկրի տնտեսական զարգացման նուիրուած նիստին։

Յիշեցնենք, որ տարեվերջին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը յայտարարած էր, որ «Ղարաբաղեան հարցի վերաբերեալ միջազգային հանրութիւնն ու Հայաստանը կը խօսին գրեթէ նոյն լեզուով»։

Թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ատրպէյճանի նախագահը, որպէս ըսուածի ապացոյց, կը մատնանշեն միջազգային փաստաթուղթերը, որոնք, ի դէպ, հիմնական խնդրի կարգաւորման երեք սկզբունքներ առաջ կը քաշեն՝ ժողովուրդներու ինքնորոշում, տարածքային ամբողջականութիւն եւ ուժի չկիրառում։

Հայկական կողմը շեշտը կը դնէ հիմնական ազգերու ինքնորոշման, իսկ Պաքուն՝ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի վրայ։

Երէկ ատրպէյճանական կառավարութեան մօտ իր ծաւալուն ելոյթի ընթացքին Իլհամ Ալիեւը մէկ կողմէն ընդգծած է ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը, միւս կողմէն յայտարարած է, որ Ատրպէյճանը կը պատրաստուի ժամանակակից ռազմական սարքեր ձեռք բերել։

«Համաշխարհային վարկանիշի համաձայն, ատրպէյճանական բանակը կը հանդիսանայ աշխարհի ամենաուժեղ բանակներէն մէկը։ Ատրպէյճանի ռազմական ներուժը մեծցած է», – յայտարարած է Ատրպէյճանի ղեկավարը՝ նշելով, որ ընթացիկ տարուան ալ այդ ուղղութեամբ քայլեր պիտի ձեռնարկուին եւ նոր տեսակի զէնքեր պիտի գնուին ։

Սթոքհոլմի մէջ գործող Խաղաղութեան խնդիրներու ուսումնասիրութեան հիմնարկի համաձայն, 2011-2016 թուականներուն Ատրպէյճանը 20 անգամ աւելի շատ զէնք ներկրած է, քան՝ Հայաստանը: Այդ զէնքի մեծ մասը Պաքուն ձեռք բերած է Ռուսաստանէն: Ատրպէյճանին բաժին հասած է ռուսական ռազմական արդիւնաբերութեան ամբողջ ծաւալի 4 տոկոսը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment