Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Ես Կայուն Հանճար Մըն Եմ’»

«Ես Կայուն Հանճար Մըն Եմ’»

by MassisPost

Այս խօսքը կը պատկանի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանոլտ Թրամփին, որ մօտ օրէն պիտի բոլորէ իր  պաշտօնավարման առաջի տարին: Ան այս մասին գրառում կատարեց «Թուիթըրի» միջոցաւ, պատասխանելու համար անոնց, որոնք  սկսած են հարցականի տակ առնել նախագահի մտային հաւասարակշռութիւնը` «Կրակ Ու Զայրոյթ» անունով գիրքի մը հրատարակութենէն ետք:

Գրքի հեղինակ Մայքըլ  Ուլֆին բացառիկ առիթ տրուած է  տարին անցնելու Սպիտակ Տունէն ներս եւ մօտէն շփուելու Թրամփի վարչակազմին հետ: Ան այս ընթացքին  բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ իր ունեցած մտերիմ զրոյցները եւ ներքին խօսակցութիւնները հաւաքելով գրքին մէջ, եկաւ ցնցելու քաղաքական շրջանակները եւ մամուլը:  Մի քանի օրուայ ընթացքին գիրքէն աւելի քան մէկ միլիոն օրինակ անհետացաւ գրախանութներէն:

Մայքըլ  Ուլֆի հրապարակած  տեղեկութիւններուն համաձայն, Սպիտակ  Տան մէջ աշխատող   պաշտօնեաները անդադար բամբասելով իրենց նախագահի մասին, կասկած կը   յայտնեն   անոր կարողութիւններուն եւ բարդ հարցերը ըմբռնելու եւ եզրակացութիւններ կատարելու ընդունակութեան  շուրջ: Ոմանք նոյնիսկ հարցականի տակ կ’առեն Թրամփի  մտային հաւասարակշռութիւնը` մտահոգութիւն յայտնելով որ, այս ընթացքով ան կրնայ վտանգ   հանդիսանալ  մարդկութեան: Գրքի հեղինակը նաեւ կը յայտնէ որ, Սպիտակ Տունէն ներս լրջօրէն կը խօսուի Սահմանադրութեան 25-րդ յաւելուածի մասին, որու հիման վրայ, կարելի է, փոխնախագահի նախաձեռնութեամբ եւ կառավարութեան անդամներու  հաւանութեամբ, պաշտօնանկ  ընել նախագահը:

Այս  զգայացունց տեղեկութիւններէն ետք, հեռատեսիլի յայտագիրներն ու մամուլը սկսան բացէ ի բաց քննարկել Թրամփի մտային խանգարման հաւանականութիւնները, վերլուծելով  անոր դրսեւորած  տարօրինակ պահուածքը:

Սպիտակ  Տունը եւ անձամբ Թրամփ ինք, այժմ կը փորձեն փարատել  հանրային կարծիքի մօտ գրքի ձգած տպաւորութիւնը: Ժխտելով հոն տեղ գտած տեղեկութիւնները  անոնք կը մեղադրեն  հեղինակը` ստախօսութեան եւ  պատմութիւններ յօրինելու մէջ:

Մօտ  օրէն,  Թրամփի եզակի նախագահութիւնը կը թեւակոխէ իր երկրորդ տարին: Ժամանակը կոչուած է տալու իր որոշումը:  Արդեօ՞ք  ան իսկապէս կը տառապի «մտային խանգարումէ,  թէ ոչ’  «Հանճար» մըն է:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment