Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Ճէմ Օզտեմիր Քննադատութեան Ենթարկած է Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորումը

Ճէմ Օզտեմիր Քննադատութեան Ենթարկած է Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորումը

by MassisPost

Գերմանիոյ խորհրդարանի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի ընդունման հարցին մէջ մեծ ներդրում ունեցած Կանաչներու կուսակցութեան՝ թրքական արմատներ ունեցող համանախագահ Ճէմ Օզտեմիրը մեկնաբանած է Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման առնչութեամբ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու յայտարարութիւնները:

Ինչպէս կը գրէ գերմանական DW հեռուստառատիօընկերութեան թրքական ծառայութիւնը, Օզտեմիր կոշտ քննադատութեան ենթարկած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլի յայտարարութիւնը առ այն, որ եթէ Թուրքիան ազատ արձակէ այդ երկրի մէջ կալանաւորուած Գերմանիոյ քաղաքացի հանդիսացող լրագրող Տենիզ Եուճէլին, ապա Գերմանիան կրկին կրնայ մտածել Թուրքիոյ զէնքի վաճառքի արգելքը վերացնելու մասին:

Կապրիէլը խօսած էր նաեւ Թուրքիոյ մէջ հրասայլեր արտադրող գործարան հիմնելու նախագիծի հնարաւոր իրագործման մասին:

«Պատանդի դիմաց հրասայլ տալը պարզապէս անհեթեթութիւն է», – ըսած է Օզտէմիր՝ այդ մէկը անուանելով «կեղտոտ գործարք»:

Ըստ անոր, քանի դեռ Թուրքիոյ մէջ առկայ է ճնշում ազատ մամուլի նկատմամբ եւ քանի դեռ այդ երկրի մէջ չէ վերացուած արտակարգ դրութեան ռեժիմը՝ չի կրնար խօսք ըլլալ յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment