Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրտողան. «Թուրքիոյ Մէջ Նոր Քաղաքական Յեղաշրջում Կազմակերպելու Փորձ կը Պատրաստուի»

Էրտողան. «Թուրքիոյ Մէջ Նոր Քաղաքական Յեղաշրջում Կազմակերպելու Փորձ կը Պատրաստուի»

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի համոզմամբ  կարգ մը ուժեր կ’ուզեն Թուրքիոյ մէջ նոր յեղաշրջում կազմակերպել: Այդ ուժերու շարքին ան մատնանշած էր նաեւ Միացեալ Նահանգներու դատական համա-կարգը: Այս մասին Էրտողան յայտարարած է երէկ` իշխող «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան հետ Անգարայի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ:

«Այն մարդիկ, որոնք յաջողութեան չհասան 15 Յուլիսին, այժմ յեղաշրջում կազմակերպելու նոր ուղիներ կ’որոնեն: Ես կ’ուզեմ յատուկ ընդգծել, որ քաղաքական նոր յեղաշրջման հասցէն Միացեալ Նահանգներու մէջ ընթացող դատավարութիւնն է», – յայտարարած է Էրտողանը, նկատի ունենալով  շարք մը թուրք պաշտօնեաներու եւ գործարարներու դէմ Մանհէթընի դաշնային դատարանին մէջ արդէն մի քանի ամիս շարունակուող քննութիւնը:

Յիշեցնենք, որ ամերիկեան դատախազութիւնը կը պնդէ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը եւ երկրի դրամատնային համակարգի շարք մը բարձրաստիճան ներկայա-ցուցիչները, թուրք-իրանական ծագում ունեցող գործարար Ռեզա Զարապին պատկանող ընկերութիւններու հետ միասին 2010-էն 2015 թուականներու ընթացքին օժանդակած են Իրանի իշխանութիւններուն արեւմտեան պատժամիջոցները շրջանցելու գործին: Զարապը, որ այժմ Նիւ Եորքի բանտը կը գտնուի, ամերիկացի քննիչներուն պատմած է այն բոլոր միջոցներուն մասին, որոնք հնարաւորութիւն տուած են Իրանի իշխանութիւններուն ոսկիի անօրինական վաճառք կազմակերպել` լրացնելով ներքին շուկային մէջ ամերիկեան արտարժոյթի պակասը:

Եղած բացայայտումներէն պարզ դարձած է, որ այս գործողութիւններու մէջ առանց-քային դերակատարութիւն ունեցած  է թրքական Halkbank-ի Տուպայի մասնաճիւղը, որուն բաժնետոմսերու մեծ մասը կը պատկանի պետութեան:

Այս գործի ծիրէն ներս ամերիկեան դատախազութիւնը հեռակայ մեղադրանք առաջադրած է նաեւ Թուրքիոյ տնտեսութեան նախկին նախարար Զաֆէր Չաղլայանին եւ եւս մէկ պետական դրամատան` Turkish Bank 1-ի նախկին ղեկավար Սուլէյման Ասլանին:

Թուրքիոյ նախագահի համոզ-մամբ սակայն իրանական պատժա-միջոցներու շրջանցման առթիւ ընթացող դատավարութիւնը բացառապէս քաղաքական նպատակ-ներ կը հետապնդէ, որուն աշխոյժ դերակատարներէն մէկը իսլամիստ գործիչ Ֆեթհուլլա Կիւլէնն է:

Մի քանի օր առաջ ալ, Ֆրանսայէն վերադառնալու ճանապարհին, Էրտողան յայտարարած է, որ Մանհէթընի դաշնային դատարանէն ներս ընթացող դատավարութիւնն ու Halkbank-ի ղեկավարներէն մէկուն դէմ կայացած վերջին վճիռը կը վկայեն, որ` «Կիւլէնի թիկունքին ամերիկացիները կանգնած են»:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment