Փետրուարէն սկսեալ կառավարման խորհրդարանական համակարգի անցնող Հայաստանի Ազգային ժողովը Ապրիլի 9-էն 16-ի միջեւ պէտք է ընտրէ նոր վարչապետ:
Այս կապակցութեամբ «Հայկական Ժամանակ» օրաթերթը կը յայտնէ որ, թէեւ շատ չնչին հաւանականութեամբ, բայց վտանգուած է Սերժ Սարգսեանի վարչապետ դառնալու հեռանկարը: «Եթէ ՀՀԿ-ի ներսը իրար հասկնալու խնդիր առաջանայ, ապա Սերժ Սարգսեանի երկարամեայ ծրագիրը տապալած կը համարուի: Այս առիթով, թերեւս ան ԱԺ-ի ՀՀԿ-ականներուն լաւ աչքով նայելու առիթը պէտք չէ բաց ձգէ` հաշուի առնելով վարչապետ Կարապետեանի այն յայտարարութիւնը, թէ ան պատրաստ է 2018-էն ետք ալ շարունակել աշխատիլ որպէս վարչապետ: Միաժամանակ պարզ չէ, թէ Կարապետեանը ցանկութիւն եւ հնարաւորութիւններ ունի՞ ՀՀԿ-ի ներսը կռիւ ձգելու, թէ՞ ոչ», հարց կու տայ «Հայկական Ժամանակը»:
«ՀՀ Սահմանադրութեան 6-րդ գլուխի պահանջներուն համաձայն` ԱԺ խմբակցութիւնները պէտք է ներկայացնեն վարչապետի իրենց թեկնածուները, որմէ ետք Ազգային ժողովը պէտք է ընտրէ վարչապետ: Վարչապետ ընտրուելու համար անհրաժեշտ է խորհրդարանի պատգամաւորներու ձայներու կէսէն աւելին: Եթէ այնպէս պատահի, որ որեւէ թեկնածու չյաջողի ստանալ ձայներու կէսէն աւելին, ապա առաջին ընտրութեան 7-րդ օրը լրանալէ ետք, տեղի կ’ունենայ նոր ընտրութիւն` նոր թեկնածուներով: Այս պարագային վարչապետի թեկնածու կ’առաջադրեն պատգամաւորներու 1/3-ը: Այս փուլին ալ եթէ վարչապետ չընտրուի, ապա Սահմանադրութեան 6-րդ գլուխի 149 յօդուածի 3-րդ մասի համաձայն, 7 օրուայ ընթացքին Հայաստանի Ազգային ժողովը պէտք է լուծարուի: Ըսել է թէ, սա քաղաքական ճգնաժամի հետեւանք կ’ըլլայ, ինչ կը նշանակէ, որ Հայաստանի խորհրդարանէն ներս քաղաքական ուժերու եւ յատկապէս մեծամասնութեան մօտ հակասութիւն կայ»:
ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Ռուստամ Մախմուտեանը պատասխանելով «Հայկական ժամանակի» այն հարցին, թէ որքանո՞վ հաւանական է, որ քաղաքական ուժերու եւ յատկապէս ՀՀԿ-ականներու ներքին տարաձայնութիւններու պատճառով Ազգային ժողովը լուծարուի, մեկնաբանած է.
«Չեմ կարծում, որ կարող է քաղաքական ճգնաժամ առաջանալ այն դէպքում, երբ մէկ քաղաքական թիմ ունի 58 պատգամաւոր եւ գումարած նաեւ 7 պատգամաւոր, որպէս քաղաքական գործընկերներ: Սրանով հարցը կարգաւորւում է եւ չկայ ճգնաժամի իրատեսութիւն: Բացի այս էլ, դեռ չգիտենք միւս քաղաքական ուժերի դիրքորոշման մասին: Այն պարզ կը լինի թեկնածուների առաջադրումից յետոյ: Եթէ այլ համախոհներ էլ չլինեն, ապա 65 ձայնը յստակ է, իսկ այս քաղաքական թիմի ներսում չկայ հակասութեան միտում, հետեւաբար ճգնաժամ չի կարող առաջանալ»,- «ՀԺ»-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Մախմուտեան:
Ծառուկեան խմբակցութեան պատգամաւոր, ԱԺ փոխնախագահ Միքայէլ Մելքումեան այս մասին մեկնաբանութիւններ ընելը կանուխ համարած է, թէեւ ան եւս շեշտած է ՀՀԿ-ի մեծամասնութիւն ըլլալը: «ԵԼՔ» խմբակցութիւնը եւս չի կարծեր, որ ՀՀԿ-ականներու միջեւ տարաձայնութիւններ կը սկսին: