Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի խօսնակ Տիգրան Բալայեանը հերքած է սոչիաբնակ հայ գործարար, ԱՄՆ պատժամիջոցներու ցանկին մէջ յայտնուած Ռուբէն Թաթուլեանի այն յայտարարութիւնը, թէ վերջինս կը հանդիսանայ նախարար Էտուարտ Նալպանտեանի խորհրդականը։ Ի պատասխան «Ազատութեան» գրաւոր հարցումին, Բալայեան նշած է. – «Ռուբէն Թաթուլեանը եղել է ԱԳ նախարարի ոչ պաշտօնական խորհրդական եւ այժմ նա այդ կարգավիճակը չունի»։
Բալայեանը, սակայն, անպատասխան թողած է այն հարցերը, թէ երբ Թաթուլեանը դարձած է նախարարի խորհրդական եւ արդեօք այդ պաշտօնի համար ստացած է Հայաստանի դիւանագիտական անձնագիրը։
Նշենք, որ Նալպանտեանի խորհրդական ըլլալու մասին անձամբ Թաթուլեանը ըսած է Սոչի պլոկին տուած հարցազրոյցի ժամանակ, որ համացանցի մէջ հրապարակուած է Յունուար 6-ին: «Ռոբսոն» մականունով յայտնի գործարարէն պլոկըր Ալեքսանտր Վալովը փորձած է ճշդել՝ արդեօ՞ք ան կը հանդիսանայ դեսպան կամ որեւէ այլ ներկայացուցիչ, քանի որ կ’երթեւեկէ դիւանագիտական պետական համարանիշեր ունեցող մեքենայով։ Պլոկըրի հարցին Թաթուլեան պատասխանած է․ – «Ես Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի խորհրդականն եմ»:
Սոչի պլոկին տուած հարցազրոյցին Թաթուլեան նաեւ շեշտած է, որ ինք Հայաստանի դիւանագիտական անձնագիր ունի։
Հարցազրոյցի ժամանակ Ռուբէն Թաթուլեան անդրադարձած է նաեւ իր մասնակցութեամբ տեղի ունեցած միջադէպին, երբ ան Սոչիի օդակայանին մէջ Հայաստանի դեսպանութեան պատկանող մեքենաներով ենթադրաբար կոտրած էր արգելապատնէշը։ Թաթուլեան նշած է, որ դատական կարգով ապացուցուած է տեղեկութեան կեղծ ըլլալը ու աւելցուցած, որ դիւանագիտական համարանիշները իրեն առաւելութիւն չեն տար, այլ ընդհակառակը, «դա10 անգամ աւելի պատասխանատուութիւն է ենթադրում, քան առաւելութիւն»։
Սոչիաբնակ հայ գործարարը նշած է, որ մեքենաները, որոնցմով ինք կ’երթեւեկէ, կը պատկանին Ռուսաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ անոնցմով յատուկ հիւրեր դիմաւորելը իր աշխատանքն է։