Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Նախագահ Պերճ Սեդրակեանի Ամանորի Պատգամը

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Նախագահ Պերճ Սեդրակեանի Ամանորի Պատգամը

by MassisPost

agbuՆոր տարուան սեմին, գօտեպնդուած անցնող տասներկու ամիսներու ընթացքին իրականացած մեր դրական ձեռքբերումներով, մենք պատրաստ ենք շարունակելու ազգի, հայրենիքի ու մարդկութեան ծառայութեան նուիրուած մեր առաքելութիւնը, աշխարհատարած հայութեան համար գործունէութեան նոր ու արդիւնաւէտ առիթներ ստեղծելու մտասեւեռումով:

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան համար, 2017-ը, փոխաբերական իմաստով թէ տառացիօրէն, խոստման տարի հանդիսացաւ, երբ մեր կազմակերպութիւնը հասնելով տարբեր համայնքներու կարիքներուն, միաժամանակ ընդարձակեց իր գործունէութեան դաշտը, իրականացնելով նոր նախաձեռնութիւններ, գործակցական առոյգ յարաբերութիւններ եւ առանցքային համագործակցութիւններ: Այդ բոլորը կը դրսեւորէին մեր ռազմավարական յստակ կողմնորոշումը, մշակութային, կրթական, մարդասիրական եւ ընկերային-տնտեսական զարգացման նպատակներով, հաւատարիմ Հ.Բ.Ը.Մ.ի հիմնական արժէքներուն եւ անոր հիմնադիրներու ոգիին:

Օգնութեան մեր ճիգերը գլխաւորաբար ուղղուած էին եւ պիտի շարունակեն կեդրոնացած մնալ սուրիահայ մեր ազգակիցներուն վրայ, որոնք երկրին մէջ ծաւալած զինեալ հակամարտութիւններու ստեղծած տագնապին իբր հետեւանք, այժմ կը փորձեն վերականգնել իրենց կեանքը: Մեր մարդասիրական օժանդակութիւններուն միջոցաւ, մանաւանդ բարոյական զօրակցութեամբ, անցնող տարիներուն, յաջողեցանք քաջալերել ու կորով ներշնչել անոնց, կրթական, բժշկական, նիւթական աջակցութեան եւ անմիջական կարիքներու վերաբերեալ հետեւողական օգնութիւն տրամադրելով բազմաթիւ ընտանիքներու: Մինչ հաւաքաբար մեր ճիգերը ուղղուած էին արտակարգ իրավիճակներու մատնուած համայնքներու օգնութեան, մեր գործօն եւ աշխոյժ շրջանակները շարունակեցին իրենց մասնակցութեամբ եւ աշխատանքով օժանդակել մեր մնայուն ծրագիրներուն, ինչպէս կատարողական արուեստներու բաժնի փայլուն նախաձեռնութիւններուն, մեր կրթական կառոյցներու բարեկարգումին եւ երիտասարդական մեր բազմապիսի յայտագիրներու յաջողութեան:

Անցնող տարին անկասկած յատկանշուեցաւ բոլոր համայնքներէն ներս Հ.Բ.Ը.Մ. ի շրջանակներու ցուցաբերած կազմակերպչական աչքառու գործունէութեամբ, «Խոստումը» ժապաւէնը  հանրութեան լայն խաւերուն ծանօթացնելու եւ անոր շրջանառութիւնը յատկապէս ոչ-հայ շրջանակներէ ներս ընդարձակելու նպատակով: «Խոստումը», Հայկական Ցեղասպանութեան դաժան իրականութիւնը պատկերացնող առաջին երկարամեթրաժ ժապաւէնն էր, որ պատրաստուած էր Հոլիվուտի մէջ, մրցանակակիր բեմադրիչի մը կողմէ եւ հանրածանօթ աստղերու մասնակցութեամբ: Լայն շրջանառութեամբ, նաեւ յատկապէս Հ.Բ.Ը.Մ.ի ջանքերով՝ Միացեալ Նահանգներու տարածքին բոլոր դպրոցներէն եւ հանրային գրադարաններէն ներս, ժապաւէնին կից, ցեղասպանութիւնները կանխարգիլելու միտող կրթական յատուկ ծրագիրներու տարածումով, «Խոստումը» ոչ-Հայ լայն շրջանակները ծանօթացուց հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ անոր աննկուն ոգիին:

Գիտակից ընկերային ցանցերու, հաղորդմիջոցներու եւ ճարտարագիտական նորարարութիւներու կարեւորութեան ու դերին, Հ.Բ.Ը.Մ.ը կը շարունակէ պատրաստել եւ տարածել համապատասխան միջոցներ եւ նիւթեր, որոնք քայլ կը պահեն ընթացիկ կենցաղային պայմաններուն եւ հետաքրքրութիւններուն հետ: Հայկական Հեռավար Դասարաններուն եւ տարբեր շրջանակներու կարիքներուն պատշաճեցուած անոր բազմալեզու ծրագիրներուն միջոցաւ, աշխարհի ամենահեռաւոր շրջաններուն մէջ, մինչեւ Նիւ Զիլընտ,  մարդիկ կը ծանօթանան հայ լեզուին, պատմութեան եւ մշակոյթին: Համացանցային կարճ հարցազրոյցներու մեր «Առցանց Զրոյց» շարքը, կ’ընդգրկէ պատմական եւ մշակութային տարբեր նիւթեր, որոնց շարքին մանրանկարչութենէն մինչեւ դարասկիզբին հայ կանանց դերին անդրադարձող տեղեկութիւններ: Մեր գործակցութեամբ տարբեր ծրագիրներ, ինչպէս ԱՆԻ համացանցային Անգլերէն խօսակցական ծրագիրը, անհատական սերտ կապեր կը ստեղծեն սփիւռքի եւ հայաստանի միջեւ:

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան գործունէութիւններու լայն ծիրին եւ հասողութեան լաւագոյն դրսեւորումը, անկասկած անոր գործակցական նոր յարաբերութիւնները, նաեւ ծաւալուն ծրագիրներու ուղղութեամբ, միջազգային կառոյցներու աջակցութիւնը ապահովող նախաձեռնութիւններն են, որոնք նոր որակ կ’ապահովեն մեր գործունէութեան, ընդարձակելով անոր ազդեցութեան գօտիները, հասնելու համար հայութեան լայն շրջանակներուն ու անոնցմէ անդին:

Մենք շարունակաբար կը գործակցինք Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնին, Եւրոպայի Միութեան, Հ.Հ. Կրթութեան եւ Գիտութեան Նախարարութեան, Պաշտպանութեան Նախարարութեան եւ յարակից ոչ-կառավարական բազմաթիւ կազմակերպութիւններու հետ: Մեր շրջանակները եւ մասնաճիւղերը գործակցաբար ծրագիրներ իրականացուցած են Սմիթսոնիըն Հիմնարկին, Եւրասիական համագործակցական Հիմնադրամին եւ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Իսամ Ֆարէս Հանրային Քաղաքականութեան եւ Միջազգային Յարաբերութիւններու Կեդրոնին հետ: Բազմաթիւ նոր հեռանկարներ կը սպասեն մեզի յառաջիկայ 2018 տարուան ընթացքին, որոնցմէ յատկանշական է Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթըն Թանգարանի հետ գործակցաբար իրականացուող հայ մշակոյթի նուիրուած «Հայաստան» խորագրով տպաւորիչ ցուցահանդէսը: Այս յարաբերութիւնները անհրաժեշտ են մեր պատմութիւնը եւ մշակոյթը կենսունակ եւ ժամանակակից պահելու համար:

Հ.Բ.Ը.Մ.ը նշանակելի դեր կատարեց Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողքին, հանգամանօրէն նշելով Մ.Ա.Կ.ի կողմէ Ցեղասպանութիւններու Ոգեկոչումի Միջազգային Օրը, Դեկտեմբեր 9-ին, նուիրուած ցեղասպանութիւններու իրազեկութեան, մարդկային իրաւանց եւ տարագիրներու աջակցութեան:  Այս առիթով, երեք ցամաքամասերու վրայ կազմակերպուած համագումարներով, Հ.Բ.Ը.Մ.ը կրկին անգամ հանրութեան ուշադրութեան ներկայացուց Հայկական Ցեղասպանութիւնը, կեդրոնանալով կանխարգելիչ միջոցառումներու եւ լուծումներու վրայ, որոնք կ’ընդգրկեն համաշխարհային շրջանակները: Մեծապէս կարեւոր է որ մեր համայնքները նման քննարկումներ կազմակերպեն, յարգելու համար մեր նախնիներու յիշատակը եւ իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերելու կանխարգիլումի եւ դաստիարակչական տարբեր միջոցառումներու:

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը երախտապարտ է իր նուիրեալ աշխատակազմին, մեր շրջանակներու եւ մասնաճիւղերու հազարաւոր սիրայօժար աշխատողներուն եւ մեր բարերարներուն, նուիրատուներուն, ինչպէս նաեւ համակիրներուն, իրենց  լիաբուռն առատաձեռնութեան համար: Ես խորապէս զգացուած եմ, ի դէմ անոնց ցուցաբերած նուիրումին եւ յանձնառութեան, մեր ազգանուէր վսեմ կազմակերպութեան խոստումի իրականացման համար:

Տարիներ առաջ, ես կոչ ուղղած էի Հ.Բ.Ը.Մ.ի աշխարհատարած ընտանիքին, ընդարձակելու իրենց մտահորիզոնը տեղական համայնքներէն անդին, որդեգրելով ծրագիրներ եւ նախաձեռնութիւններ, որոնք կը նպաստեն ընդհանուր հայութեան: Միաժամանակ, մղելով զիրենք ծրագրելու եւ գործելու որպէս ընդհանրական մտահոգութիւններով առաջնորդուող հայ անհատներ, ապահովելու համար մեր ժողովուրդի բարգաւաճ ապագան: Շնորհակալ եմ, որ ձեզմէ շատեր ընդառաջած են իմ հրաւէրիս: Համոզուած եմ, որ եթէ շարունակենք գործել նոյն ոգիով եւ ուղղութեամբ, պիտի կարենանք զօրացնել մեր համընդհանուր ազգի միութիւնը:

Խաղաղ, առողջ եւ բարեբեր Նոր Տարի կը մաղթեմ բոլորիդ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment