Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ամանորի Մաղթանքի Խօսք

Ամանորի Մաղթանքի Խօսք

by MassisPost

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութիւնը կը շնորհաւորէ համայն հայութեան Նոր Տարուայ եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով: Անցնող 2017 թուականը լի էր փորձութիւններով թէ’ Հայաստանի Հանրապետութեան, եւ թէ’ Սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն համար: Սուրիոյ մէջ տակաւին շարունակուող արիւնալի քաղաքացիական պատերազմը իր աղիտալի հետեւանքներով, Լիբանանի ներքին քաղաքական կեանքի անկայունութիւնն ու Արեւմտեան աշխարհին մէջ հասակ առնող նոր սերունդին ուծացման վտանգը մեզ երկար մտածելու, ինչպէս նաեւ վճռական քայլեր առնելու հրամայականի առջեւ կը դնեն:

Միաժամանակ, անկախութենէն 26 տարիներ անց, Հայաստանի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն համար կենսական անհրաժեշտութիւն ունեցող ընկերային եւ տնտեսական խնդիրները կը մնան  չլուծուած: Երկիրը կը գտնուի թշնամական շրջափակման մէջ եւ Արցախի խնդիրի բանակցային գործընթացներուն հետ զուգահեռ հակառակորդը դիրքային չյայտարարուած պատերազմ կը մղէ մեր դէմ, ստիպելով մեր քաջարի հայ զինուորին չհեռանալ դիրքային խրամատներէն եւ ամեն օր կեանքի գնով պաշտպանել Հողն Հայրենի: Այս իրականութիւնները  մեզի կը  թելադրեն վերաիմաստաւորել բոլոր մարտահրաւէրներն ու անոնց հանգուցալուծման միտող մօտեցումները եւ նոր ոգիով ու վճռակամութեամբ դիմաւորել գալիք 2018 թուականը եւ յուսալ,  որ համայն հայութեան միասնական ջանքերով ու  քաղաքական կամքի դրսեւորումով կը դառնայ նոր նուաճումներու ու յաղթանակներու տարի մը:

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը անգամ մը եւս կը շնորհաւորէ բոլորին յառաջիկայ տօներու կապակցութեամբ եւ կը վստահեցնէ, որ հաւատարիմ մնալով իր 130-ամեայ ուղեգիծին, Մայր Կուսակցութիւնը`  նոր թափով ու նորոգուած եռանդով պիտի շարունակէ պայքարիլ յանուն Հայ ժողովուրդի ու Մայր Հայրենիքի վաղուայ ամուր, բարեկեցիկ ու յաղթական օրուան համար:

ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութիւն

31 Դեկտեմբեր 2017

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment