Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Փոխադարձ Վստահութիւն, Միասնականութիւն, Պատասխանատուութիւն» Եւ Օրէնքի Գերակայութիւն

«Փոխադարձ Վստահութիւն, Միասնականութիւն, Պատասխանատուութիւն» Եւ Օրէնքի Գերակայութիւն

by MassisPost

«Մտածումներ կան, որ սաստիկ ծանր են, բայց դուք դատապարտուած էք մտածելու, չէք կարող փախչել նրանցից: Նրանք է՛ն ծանր հիւանդութիւնների նման են, երբ դուք գիտէք, որ ձեր մարմնի մէջ կրում էք քաղցկեղի խոցը…Կամ նրանք պէտք է ձեզ յաղթահարեն ու սպաննեն, կամ դուք պէտք է մարդկային հանճարի տուած ամէն միջոցներով վեր կենաք ցաւերի դէմ ու ազատուէք, առողջանաք. ի հարկէ, եթէ էնքան արիութիւն ու հասկացողութիւն ունէք»: Յովհաննէս Թումանեան

der tavitianՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

Խոստումնե՜ր, երազնե՜ր, ակնկալութիւննե՜ր…

Յուսախաբութի՛ւն, դա՛ռն  իրականութիւն, բարոյալքո՛ւմ:

Ո՞ւր կ’երթանք ազգովին:

Այս յօդուածը կը գրուի Նոյեմբեր 2017-ի սկիզբին, Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովի, Հայաստանի անկախութեան 26-րդ տարեդարձի, Հոկտեմբեր 27-ի սպանդի 18-րդ տարելիցի, Պալֆուրեան հռչակագրի 100-ամեակի եւ գալիք ակնկալութիւններու տպաւորութեանց տակ:

Որքան ալ փորձենք լաւատեսութեամբ նայիլ ապագային, չե՛նք կրնար անտեսել մեր ներկայ մտահոգիչ իրականութիւնը, մեր շուրջի արագընթաց զարգացումները եւ վայրէջքի մէջ եղող մեր ուղղութիւնը: Չե՛նք կրնար անիրապաշտ ըլլալ, մեր հայեացքը սեւեռելով կարգ մը դրական երեւոյթներու վրայ եւ անտեսելով մեծ պատկերը, որ մութ ու մտահոգիչ է: Իրաւունք չունի՛նք: Այն վտանգները, որոնք անտեսեցինք քսանամեակ մը առաջ, այսօր իրականութիւն են ու տակաւ կը սպառնան մեզի: Վերջին օրինակը Հայաստանը շրջանցող ու տակաւ մեկուսացնող Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի իրականացումն է, որուն անիրականացումը, իր օրին Ռոպերթ Քոչարեանը մեզ հաւաստիացնել փորձած էր: Չխօսինք երկրի ռազմավարական արժէք ներկայացնող հաստատութեանց օտարին վաճառումին մասին, յօգուտ Քոչարեան ընտանիքի եւ շրջապատի անձնական շահերուն:  Այսօր ալ իրաւունք չունի՛նք լուր անցնելու Սերժ Սարգսեանի այն հաւաստիքներուն վրայէն, որ քսանամեակ մը ետք Հայաստան չորս միլիոն բնակչութեամբ ժողովրդավար երկիր մը պիտի ըլլայ: Ինչպէ՞ս կարելի է հաւատք ընծայել այդ խոստումներուն, երբ անկախութիւնէն ի վեր Հայաստանը ԿԻՍՈՎ պարպուած է եւ արտագաղթը տակաւի՛ն կը շարունակուի: Ի՞նչ ժողովրդավարութեան մասին է խօսքը, երբ ոստիկանութեան պիւտճէն բազմապատիկ աւելի կ’աճի, քան՝ կրթութեանը եւ երբ Հայաստանը աշխարհի առաջատարներէն է ոստիկանութիւն/ժողովուրդի թուաքանակ համեմատութեամբ: Ինչպիսի՞ ապագայի մասին է խօսքը, երբ այսօր Հայաստանի ընդերքի անխնայ յօշոտմամբ, երկրի բնապահպանութիւնը եւ ապագայ սերունդներու առողջապահութիւնը կը վտանգուի, ի շահ կարգ մը օլիկարխներու գրպաններու պարարտացման: Ինչպէ՞ս կարելի է կոյր ձեւանալով չտեսնել այս բոլորը, չմտահոգուիլ ու չբարձրաձայնել մեր մտահոգութիւնները:

Սկսինք Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովով: 2008-ին, Սփիւռքի նախարարուհի՝ Տիկին Հրանուշ Յակոբեան Լոս Անճելըս կ’այցելէր Հայաստանի անկախութեան 17-րդ տարեդարձին առթիւ: Երբ իրեն  հարց տուինք, որ իր կազմակերպելիք Հայաստան-Սփիւռք 4-րդ համաժողովը որքանո՞վ արդիւնաբեր պիտի ըլլար, ի տես  նախորդ երեքին ապարդիւնութեան, մեծամեծ խոստումներ տրուեցան մեզի, ընդհուպ մինչեւ… Սփիւռքի խառն ամուսնութիւններու դիմագրաւումը: Ինը տարիներ եւ երեք համաժողովներ ետք, վեցերորդ համաժողովին լոզունգը՝ «Փոխադարձ Վստահութիւն, Միասնականութիւն, Պատասխանատուութիւն», մեզի կը յուշէ այդ բոլորի պակասը, չըսելու համար չգոյութիւնը: Տակաւին որքա՜ն ատեն պիտի շարունակուի այս բեմադրութիւնը, աշխարհասփիւռ մեր հնարաւորութեանց անպատասխանատու մսխումը, յուսալքման տանող այս ընթացքը: Ինչո՞ւ համար սրտցաւօրէն չենք քննարկեր հայ ժողովուրդի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կազմող Սփիւռքի անվստահութեան պատճառները Հայաստանի իշխանութիւններուն հանդէպ: Ինչո՞ւ համար ցնորք է միասնականութեան լոզունգը: Ո՞ւր կրնայ հանգիլ Հայաստանի եւ Սփիւռքի ղեկավարութեան այս անպատասխանատու վերաբերմունքը: Այս հարցումներուն պատասխանները մի՛ սպասէք Տիկին Յակոբեանէն, որ ճիշտ անձը չէ՛, ղեկավարելու Սփիւռքի նախարարութիւնը: Հին գինին կարելի չէ նոր տիկերու մէջ լեցնել եւ դրական արդիւնք սպասել: Դժբախտաբար Տիկին Յակոբեանի օրինակը միակը չէ, իրենց պաշտօնը չարդարացնող նախարարներու շարքին: 484 թուին, Նուարսակի դաշնագրով, Պարսիկէն արդարամտութիւն կը պահանջէինք, որ Հայաստանի համար պաշտօնի չի կոչեն անվաստակ մարդիկ: Իսկ հիմա, որ ունինք մեր անկախ պետականութիւնը, ի՞նչ կ’ընենք: Վերեւ նշուած 2008-ի այդ հանդիպման, երբ սրտբաց քննադատութիւններ ուղղած էինք Հայաստանի իշխանութեանց հանդէպ , Տիկին Յակոբեանը Հայաստանի պետութիւնը նմանցուցած էր 17 տարեկան պատանիի ամբարած փորձին, որուն ժամանակ պէտք էր տալ հասուննալու: Մենք ալ իրեն պատասխանած էինք, որ Ազգային Ժողովի ներկայացուցիչները 17 տարեկան չեն եւ եթէ չունին հազարամեակներու ճանապարհ անցած մեր ժողովուրդի պատմութեան եւ մշակոյթի գիտակցութիւնն ու ըմբռնումը, ապա անոնք արժանի չեն հոն պաշտօնավարելու: Ինը տարիներ ետք, մեր Ազգային Ժողովի պատկերը լաւատեսութիւն չի՛ ներշնչեր, այլ՝ մտահոգութիւն:

26 տարիներ անցած են Հայաստանի հանրապետութեան անկախութեան հռչակումէն ի վեր: 26 տարիներ առաջ մենք աւելի հարուստ եւ հզօր էինք, քան՝ այսօր: Հարուստ էինք մարդաքանակով: Այսօր կորսնցուցած ենք անոր մօտ կէսը: Հարուստ էինք թէ՛ մեր հողի վրայի հաստատութիւններով եւ թէ՛  ընդերքի պաշարներով, որ ժողովուրդին կը պատկանէր եւ ապագայ սերունդներուն: Այսօր կարեւոր մաս մը անոնցմէ օտարուած է եւ կամ անիրաւօրէն կը շահագործուի սակաւաթիւ մարդոց կողմէ, յօգուտ իրենց գրպանին:  Հարուստ էինք մանաւանդ ոգիով, մարտունակութեամբ եւ ակնկալութիւններով: Այսօր կայ ոգու սով, համատարած յուսախաբութիւն եւ անտարբերութիւն: Կը տեսնէ՞ք ուր կ’երթանք: Մի՛ տարուիք միլիոնատէրերու կամ նոյնիսկ միլիարդատէրերու թիւով, այլ նայեցէք ժողովուրդի այն մեծ տոկոսին, որ չքաւոր դարձած է: Նայեցէք հարուստի եւ աղքատի միջեւ գոյութիւն ունեցող խրամատի աճին ու բեւեռացման: Նայեցէք դատարկուած գիւղերուն եւ երկրէն արտագաղթողներուն: Նայեցէք մեր դատական համակարգի անարդար գործունէութեան: Ու պիտի տեսնէք, որ մեր պետականութիւնը կայուն չէ, վտանգուած է: ԵՐԿՐԻ ՄԸ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ՀԻՄՔԵՐԷՆ ՄԻՆ, ԱՆՀԱՏԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ԵՒ ՄԱՆԱՒԱՆԴ ՈՒՆԵՑՈՒԱԾՔԻ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆՆ Է, ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԱԾ ՕՐԷՆՔԻ ԳԵՐԱԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ: Երբ մարդ կը գիտակցի, որ իր ճակտի քրտինքով շահած վաստակը ապահով է եւ անիրաւօրէն պիտի չի խլուի իրմէ, ան բնականաբար պիտի ջանայ բարելաւել իր վիճակը, այդպիսով նպաստելով նաեւ երկրի բարելաւման: Իսկ երբ հակառակին ականատես կ’ըլլանք… Նայեցէք Հիւսիսային եւ Հարաւային Քորէաներուն ու պիտի համոզուիք, որ նո՛յն հողամասին վրայ գտնուող նո՛յն ժողովուրդի երկու հատուածները որքա՜ն տարբեր ճակատագրեր կրնան կերտել, երբ օրէնքի գերակայութիւնը կը յարգուի ու ժողովրդավարութիւնը կը կիրարկուի: Որքան բարձր ըլլայ իրենց դիրքերը շահագործող ղեկավարներու չարաշահումները, այնքան բարձր կ’ըլլայ ժողովուրդի անվստահութիւնը հանդէպ իր ղեկավարութեան եւ այնքան ալ բարձր կ’ըլլայ երկրին սպառնացող վտանգներու մակարդակը: Երբ սակաւաթիւ մարդիկ իրենց ձեռքերուն մէջ կը կուտակեն երկրին հարստութիւնները, այդ արարքը պատճառ կը դառնայ, որ խափանուի քաղաքացիներու տաղանդներու եւ հմտութեանց աճը եւ ստիպէ անոնց, օտար երկիրներու մէջ զանոնք զարգացնելու եւ իրենց ջանքին պտուղը քաղելու: Պատմութեան ի՜նչ հեգնանք, որ եօթ-ութ տասնամեակներ առաջ, օտարի կողմէ մեր հայրենակիցներու բռնի արտաքսումը դէպի սառցապատ Սիպերիաները, այսօր յօժար կամքով յանձն կ’առնուի Ազատ Անկախ Հայաստանի քաղաքացիներու կողմէ: Ինչպէ՞ս չտեսնել ու չմտահոգուիլ այս դառն իրականութեամբ:

Անկեղծ պէտք է ըլլանք մտահոգուելու Հայաստանի եւ աշխարհացրիւ հայութեան ապագայով: Այն օրէն ի վեր, երբ Հոկտեմբեր 27, 1999-ին օտարի ձեռքին գործիք դարձած հայ փառատենչ պատեհապաշտներու կողմէ գլխատուեցաւ մեր պետականութիւնը, ազգովին կը նահանջենք, Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքին: Այդ օրէն ի վեր, փոխանակ մեր վիրաւոր պետականութիւնը վերականգնելու եւ մեր մէջ ազգասիրական ոգին հրահրելու ջանքերուն, տակաւ աճեցաւ «եթէ ես չ’օգտուիմ, հայրենակիցս պիտի օգտուի» մտայնութիւնէն մղուած, օտարին ծառայելով, հայրենիքի տկարացման հաշւոյն անձնական շահ ապահովելու ստորին հոգեբանութիւնը: Այդ ստորին հոգեբանութեան արդիւնք է, անձնական շահի համար ռազմավարական արժէք ներկայացնող հաստատութեանց վաճառումը օտարին: Ատոր արդիւնք է Հայաստանի մեծահարուստներուն ցուցաբերած անվստահութիւնը երկրին հանդէպ, տասը տարուան ընթացքին մօտ տասը միլիարդ տոլար երկրէն դուրս հանելու ոչ միայն անպատասխանատու, այլ դաւաճանական արարքով: Ատոր արդիւնք է Հայաստանի արտաքին պարտքի կուտակումը, որ անցած է երկրի տարեկան ներքին արտադրութեան (ՀՆԱ) 50 տոկոսի սահմանը եւ այդ պարտքի ծանրութիւնը կը սպառնայ երկրին սնանկացման: Ատոր արդիւնք է Հայաստանի պետական գոյութեան սպառնացող արտագաղթը: Ատոր արդիւնք են խեղաթիւրուած ընտրութիւններն ու առնետավազքերը: Ատոր արդիւնք է դատական համակարգի անարդարութիւնը երկրէն ներս, որ կը ստիպէ անիրաւօրէն զրկուածներուն, դարման որոնել Եւրոդատարանին մէջ: Ատոր արդիւնք է հայ գործարարին կողմէ, իր անմիջական շահին համար ու առանց խղճի խայթի, օտար հանքագործ գործարարին կաշառումը, որպէս զի անտեսէ հանքի ապահով արտահանման կանոնները, քաջ գիտնալով, որ երկրի ընդերքի այդպիսի անխնայ յօշոտումը ահաւոր վնաս պիտի պատճառէ բնապահպանութեան ու ժողովուրդի առողջապահութեան: Այս բոլորին ի տես, ի՜նչ «Փոխադարձ Վստահութեան, Միասնականութեան եւ Պատասխանատուութեան» մասին է խօսքը: Եթէ իսկապէս անկեղծ ենք իրականացնելու այդ լոզունգը, ապա աչքի առջեւ ունենանք մեզ նման այլ ազգի մը՝ հրեաներու օրինակը:

Երբ Նոյեմբեր 1917-ին Պալֆուրեան յայտարարութեամբ հրեաներուն ազգային տուն մը կը խոստացուէր Պաղեստինի մէջ, հրեաները Պաղեստինի տարածքի բնակչութեան հազիւ 10 տոկոսը կը կազմէին, մօտ 60,000 մարդ: 31 տարիներ ետք, 1948-ին, երբ Իսրայէլի անկախ պետութիւնը հռչակուեցաւ Պաղեստինի տարածքին մէկ մասին վրայ, հրեաները կը կազմէին բնակչութեան  82 տոկոսը, մօտ 717,000 մարդ: Յաջորդ 27 տարիներու ընթացքին, այդ համեմատութիւնը հասած էր 88 տոկոսի, մօտ 2,300,000 մարդ: Բաղդատեցէք անկախ Իսրայէլի առաջին 27 տարիներուն բնակչութեան թիւի աճը,  անկախ Հայաստանի առաջին 26 տարիներու թիւին հետ: Ինչո՞ւ համար հրեաները կրցան ԵՌԱՊԱՏԿԵԼ իրենց թուաքանակը, մինչ մենք ԿՈՐՍՆՑՈՒՑԻՆՔ մեր թուաքանակի մօտաւորապէս ԿԷՍԸ: Ի՞նչ էր  անոնց եւ մեր ղեկավարներու պատասխանատուութիւնը այս իրավիճակներու ստեղծման մէջ: Ինչո՞ւ համար մեր մեծահարուստները չհետեւեցան Ռոչիլտներու ազգանուէր օրինակին, որոնք նպաստեցին աշխարհացրիւ հրեաներու վերաբնակեցման Պաղեստինի ու ապա Իսրայէլի պետութեան մէջ: Ինչո՞ւ համար մենք չկրցանք արժեւորել մեր Պէն Կուրյոնները, յուսադրելով եւ ուժաւորելով ժողովուրդը՝ «Կարեւորը այն չէ, որ այլազգիները ի՞նչ կ’ըսեն, այլ՝  հրեաները ի՞նչ կ’ընեն» յայտարարութիւններով:

Ո՞րն է դարմանը մեր ցաւերուն: Ամենայն հայոց բանաստեղծի վերեւի մէջբերումը առնուած է 1910-ին գրուած «Դառնացած Ժողովուրդ» յօդուածէն:  Տանք այլ մէջբերում մըն ալ նոյն յօդուածէն: «Եթէ մենք ունենք ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ, ՀՈԳՈՒ ԱՐԻՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՌՈՂՋ ԲՆԱԶԴՆԵՐ (Ընդգծումը մեզմէ. ՅՏԴ), անկարելի է աչքներս փակենք մեր էս ծանր հիւանդութեան առաջ եւ չզգանք, որ ՄԵՐ ՀՈԳԻՆ ՇԱՏ Է ԴԱՌՆԱՑԱԾ, ՄԵՐ ՆԵՐՔԻՆ ՄԱՐԴԸ ՇԱՏ Է ՓՉԱՑԱԾ (Ընդգծումը մեզմէ. ՅՏԴ), եւ դրա դէմ կռուելու , առողջանալու առաջին պայմանը էն է, որ մենք ե՛ւ մեր սրտերում, ե՛ւ աշխարհի առաջ անկեղծ խոստովանենք ու ճանաչենք մեր դժբախտութիւնը: Ապա թէ էդ փրկարար գիտակցութեանը կը հետեւեն ԻՆՔՆԱԿԱՏԱՐԵԼԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐՁՐ ՑԱՆԿՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱԶՆԻՒ ԳՈՐԾԸ» (Ընդգծումը մեզմէ. ՅՏԴ):  Թումանեանէն մօտ 1400 տարիներ առաջ, մեր Պատմահայր եւ ինքնութեան կերտիչ Խորենացին, իր նշանաւոր «Ողբ»ով նաեւ տուած էր մեր ցաւերուն դեղագիրը, որը դժբախտաբար կ’անտեսեն Հայաստանի եւ Սփիւռքի մեր ղեկավարները, անշուշտ եթէ խորապէս կը գիտակցին անոր: Խորենացին կը թուէ, թէ ինչո՞ւ կորսնցուցինք Արշակունեաց պետականութիւնը: Եթէ չանսանք անոր խորհուրդներուն, պիտի կորսնցնենք մեր այսօրուան պետականութիւնն ալ, որը դժբախտաբար արդէն խախտուած է: Երբ օրէնքը, կարգն ու կանոնը չի՛ պահպանուիր երկրին մէջ, այլ ենթակայ կը դառնայ աւագանիի քմահաճոյքին. երբ անձնական ու անմիջական շահը կը գերադասուի, փոխան հաւաքական ու երկարաժամկէտ շահերու. երբ եղծանման մթնոլորտն է տիրապետողը, փոխան ինքնակատարելագործութեան ու ազնիւ գործի, ապա ո՛չ փոխադարձ վստահութիւն, ո՛չ միասնականութիւն եւ ո՛չ ալ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն կրնայ գոյութիւն ունենալ: Այլ՝ խաբկանք, պառակտում եւ բարոյալքում, որ վստահաբար կը տանի անկման ու կործանման: Խաբկանքով իշխանութեան տիրացած աւագանին չի՛ կրնար վստահութիւն ունենալ իր հայրենակցին վրայ եւ իր անօրինական վիճակը չի՛ ներեր, որ երկարաժամկէտ ծրագիրներ մշակէ իր հարազատ երկրին մէջ: Ատոր համար է, որ իր երկրէն յափշտակած աւարը դուրս հանելով, օտարի հողի վրայ կը ջանայ զայն ապահովել ու օրինականացնել: Այսպէս է, որ երկիր մը կ’արիւնահոսի ու կը տապալի: Որքա՜ն ալ գեղեցիկ ծրագիրներ մշակուին ժողովուրդի վստահութիւնը կորսնցուցած իշխանաւորներու կողմէ, այդ ժողովուրդը պիտի երկմտի իր լուման ներդնելէ, քաջ գիտակցելով, որ այդ ծրագիրները կարելի է հեշտութեամբ իրագործել անոնց յափշտակած աւարներու մէկ մասնիկովն իսկ:

Ի՞նչպէս դարմանել ժողովուրդի վստահութիւնը չվայելող եւ ոստիկանական համակարգի տակ հեծեծող երկրի մը ցաւերը: Պարզ եւ հեշտ պատասխանը պիտի ըլլայ. «երբ երկրէն ներս կը ստեղծուի արդար դատական համակարգ, ուր ամէն ոք ենթակայ կ’ըլլայ օրէնքի գերակայութեան»:  Իսկ ի՞նչպէս կրնանք հասնիլ անոր: Կա՛մ  այդ պիտի գայ նոյն այդ աւագանիի այն հատուածէն, որ վերջապէս պիտի գիտակցի, որ իր ապագան աւելի ապահով կը դառնայ արդար ու ժողովրդավար համակարգի մը տակ ու հետեւաբար պէտք է նպաստէ անոր ստեղծման եւ կա՛մ ժողովրդային պոռթկումով, որ կրնայ վտանգել աւագանիի կեանքերն ու շահերը:  Երբ երկրի մը ազգաբնակչութեան երեք-չորորդը կ’ապրի երկրէն դուրս, ապա դրսեցիներու պարտաւորութիւնը պէտք է ըլլայ ամէն գնով նպաստելու երկրէն ներս  արդար եւ ժողովրդավար համակարգի մը հաստատման: Այդ պէտք է ընեն ո՛չ միայն յօգուտ երկրի բարօրութեան, այլ նաե՛ւ յօգուտ իրենց եւ իրենց զաւակներու ապագային: Եւ հոս է, որ մեզ կը զարմացնէ Սփիւռքի աւագանիի թերացումը հայկական պետականութիւնը ամրակայելու անհրաժեշտ գործին մէջ: Այս կէտին մէջ, մենք կրնանք մասամբ հասկնալ Հայաստանի աւագանիի (օլիկարխ թէ մշակոյթի մարդ) վարանումը, իրենց մենաշնորհեալ դիրքերը կորսնցնելու մտավախութիւնէն մեկնած: Բայց ինչպէ՞ս բացատրել Սփիւռքի աւագանիի թերացումը: Ի՞նչն է իրենց վախը: Արդեօ՞ք մետալի մը արժանանալու սնամէջ փառքը աւելի թանկ է իրենց համար, քան Հայաստանի պետականութեան ամրակայումը: Արդեօ՞ք կը գիտակցին անոնք, որ իրենց այս մեղկ ընթացքով կը վնասեն Հայաստան պետութեան շահերուն: Կ’արժէ այստեղ նշել ազգասէր սովետահայ մտաւորականի մը 1960-ականներուն տուած խրատները Լիբանանահայ մտաւորականութեան, որ ո՛չ շողոքորթային գովասանքներ հիւսեն  Հայաստանի հասցէին եւ ո՛չ ալ ստապատիր լուրեր տարածեն: Այլ՝ իրապաշտ մօտեցում ցուցաբերելով, իրականութիւնը վեր առնեն եւ ժողովուրդը լուսաբանեն: Այդպիսով, նախ իրենք զիրենք աւելի արժեւորած կ’ըլլան, ապա իրենց խօսքը աւելի կշիռ կ’ունենայ երկրէն ներս եւ օգտակար կը հանդիսանայ ներսիններուն, բարելաւումներ ապահովելու: Եթէ Սփիւռքը իսկապէ՛ս մտահոգ է Հայաստանի ապագայով, ապա յանդգնութիւնը պիտի ունենայ սեւին սեւ ըսելու եւ սպիտակին սպիտակ: Եթէ Սփիւռքը գործէ ա՛յդ գիտակցութեամբ, Հայաստանի եւ հայութեան հետ սեղան նստողները ստիպուած պիտի ըլլան հաշուի առնելու այս վճռորոշ գործօնը եւ ըստ այնմ վերանայելու իրենց հաշուարկները: Միայն ա՛յդպէս Սփիւռքը կրնայ արժեւորել իր գոյութիւնը եւ օգտակար ըլլալ Հայաստանին ու հայութեան:

«Փոխադարձ Վստահութիւն»ը կ’աճի, «Միասնականութիւն»ը կը ստեղծուի եւ «Պատասխանատուութիւն»ի գիտակցութիւնը կ’ամրապնդուի, երբ  մենք «ազգային իմաստութիւն, արիութիւն ու հասկացողութիւն», ինչպէս նաեւ «ինքնակատարելագործման բարձր ցանկութիւն» ունենանք: Այդ գիտակցութեան վստահաբար պիտի հետեւի  «ազնիւ գործ»ը՝ կերտելու ա՛յն Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ուր օրէնքի գերակայութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը արժանապատիւ ապագայի մը վստահութիւնը կը ներշնչեն ո՛չ միայն երկրի քաղաքացիներուն, այլ նաեւ աշխարհասփիւռ  հայութեան:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment